Արցախեան այս պատերազմի մանրամասնութիւններուն հետեւելով, հետեւեալ համոզումները դրոշմուեցան մտքիս մէջ.
 1) Համոզուեցայ  որ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ Է։
2) Հասկցայ որ քաղաքական հայեացքներս անպայման չեն համընկնիր այն ժողովուրդի զաւակներուն հայեացքներուն, որուն հետ մէկ դարէ աւելի ապրած ու ստեղծագործած է ազգս։
3) Հասկցայ եւ համոզուեցայ որ ինչքան ալ ապացոյց բերես եւ ամենահասկնալի կերպով բացատրես դատդ օտարին, ան իր դիտանկիւնէն պիտի վերլուծէ շատ մը հարցեր։
4) Հասկցայ որ քաղաքականութեան մէջ բարեկամութիւն գոյութիւն չունի…
5) Համոզուեցայ որ աշխարհը խուլ, կոյր ու համր է։
7) Համոզուեցայ  որ յայտնի այս երգի բառերը անժամանցելի են.
«Ուժն է յարգի, լաւ իմացէ՛ք, թոյլ ազգերին չեն սիրում»։
8) Հպարտացայ Հայաստան ներգաղթած ընկերներովս։ Երբեմն ալ  բարի նախանձ մը ունեցայ  իրենց հանդէպ։
9) Հպարտացայ սերնդակից հայրենակիցներովս, որոնք ապացուցեցին որ մեր նախնիներուն արժանի հետնորդներն են։
10) Հասկցայ ուսուցչուհիիս հետեւեալ խօսքը.
«Հայութիւնը միայն մականունին վերջաւորութեան «եան» ունենալը չէ»։
11) Համոզուեցայ որ մենք միշտ մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միմիայն մեր բազուկի ուժին։
12) Հասկցայ որ Մենք ուժեղ ենք եւ աննկուն, երբ միասին ենք։
13) Հասկցայ որ գազանը՝ ինչպէս կարմիր կովը, իր կաշին չի փոխեր։
14) Համոզուեցայ որ իրաւունքը ուժէն կը ծնի։
15) Փաստեցի որ թուրքը նոյն բարբարոս արիւնախումն է, պարզապէս ֆէսի փոխարէն այլեւս բաճկոնով կը պտտի։
16) Հասկցայ որ աշխարհին համար քոալայի մը կեանքը մարդկային կեանքէն աւելի կարեւոր է։
17) Հասկցայ որ քարիւղի գինը մարդկային կեանքէն սուղ է։
18) Սորվեցայ որ պատերազմները միայն մարտի դաշտին վրայ եւ քաղաքականութեամբ չեն մղուիր։
19) Համոզուեցայ որ հայ զինուորէն եւ կամաւորէն աւելի հզօրը չկայ աշխարհի վրայ։
20) Համոզուած եմ որ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ։
Վեհան Պարսումեան