Քորսիքայի Ազգային Ժողովի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Քորսիքա երկրամասի միութիւնը ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձեւ:
Բանաձեւին մէջ յիշուած է, որ նկատի առնելով 27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմը, դիտարկելով Արցախը որպէս հայերու քաղաքակրթութեան օրրան, նկատի առնելով այն փաստը, որ ոչ Ատրպէյճանը, ոչ ալ Թուրքիան չեն ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կողմէն աջակցուող Ատրպէյճանի յարձակումները միջազգային եւ մարդասիրական իրաւունքի, յատկապէս ` Ժնեւի համաձայնութեան լուրջ խախտումները եւ շարք մը այլ հանգամանքները, Քորսիքայի ասամպլիան կը գտնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կրնայ նպաստել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
«Քորսիքայի ասամպլիան դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէն Ատրպէյճանի արարքը Արցախի բնակչութեան դէմ, կ’աջակցի հայ ժողովուրդին խաղաղութեան եւ ազատութեան համար պայքարին մէջ, կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ի բոլոր պետութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը, կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ի բոլոր պետութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան այս հակամարտութեան կարգաւորման եւ խաղաղութեան որոնումներուն աշխուժօրէն մասնակցիլ», յիշուած է բանաձեւին մէջ: