«Արմէնփրէս».- ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Գուտերեշ կ’ողջունէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադարեցման մասին յայտարարութեան ընդունումը:
Անթօնիօ Գուտերեշ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու դադարեցմանն ուղղուած ջանքերուն համար:
«Շնորհակալ ենք Ռուսիոյ իշխանութիւններուն միջնորդական ջանքերուն համար», ըսած է ան: