Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Դամասկոսի խորհրդաժողովներու պալատէն ներս սկիզբ առաւ այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի շուրջ յատուկ միջազգային խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ 27 պետութեան պատուիրակութիւններու եւ 12 միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու: Խորհրդաժողովին նպատակն է ահաբեկչական պատերազմի հետեւանքով տեղահանութեան ենթակայ դարձած սուրիացիներուն վերադարձը ապահովել, եւ վերջ տալ անոնց տառապանքին: Երկօրեայ խորհրդաժողոին մասնակցող պետութիւններէն Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Իրան, Լիբանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Բագիստան, Օմանի Իշխանութիւն եւ Վենեզուելա: Խորհրդաժողոին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՄԱԿ-ը որպէս հսկող կողմ: Սուրիական կառավարութիւնը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն բազմաթիւ շրջաններ ազատագրելէ ետք իր կարելին ի գործ կը դնէ այլ երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու, գործակցելով Ռուս դաշնակիցին հետ, սակայն արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ կը խոչընդոտեն տեղահանուածներուն վերադարձը՝ իրենց քաղաքական շահերը իրականացնելու եւ տեղահանուածները թղթածրարով ճնշում կատարեն Սուրիոյ կառաարութեան վրայ: Խորհրդաժողովին առաջին օրուայ օրակարգը կ’ընդգրկէ բացման նստը, ուր իւրաքանչիւր պատուիրակութեան նախագահ խօսք պիտի արտասանէ այս առիթով: Ետքը զանազան նիստեր պիտի գումարուին՝ քննարկելու համար Սուրիոյ իրավիճակը, տեղահանուածներուն իրավիճակը եւ անոնց տունդարձ խոչընդոտող պատճառները, մարդասիրական օժանդակութիւնները, ենթակառուցուածքի վերանորոգումը եւ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքները: Իսկ Երկրորդ օրը, պատուիրակութիւնները պիտի այցելեն սուրիացի տեղահանուածներուն վերադառնալէն ետք Սուրիոյ կառավարութեան ճշդած ժամանակաւոր կեցութեան կեդրոնները: Խորհրդաժողովը եզրափակից նիստով պիտի փակուի, ուր պիտի յայտարարուի եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը