Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Դամասկոսի մէջ սկիզբ առած սուրիացի տեղահանուածներուն յատուկ միջազգային խորհրդաժողովի բացման նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Կ’ողջունեմ ձեր բոլորը: Բարի եկած էք Սուրիա՝ այն երկիրը, որ հակառակ պատերազմի երկարատեւ տարիներու հետեւանքներուն , պաշարումին եւ ահաբեկչական ոճիրներուն, գոհունակութիւն կ՛ապրի, երբ կը հանդիպի ձեզի նման հաւատարիմ բարեկամներու հետ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր ռուս բարեկաներուն, որոնք իրենց կարելին ի գործ դրին այս խորհրդաժողովը յաջողցնելու՝ հակառակ կարգ մը պետութիւններու խորհրդաժողովը ձախողութեան մատնելու փորձերուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ իրանցի բարեկամներուն, որոնք Սուրիոյ ժողովուրդին նեցուկ կանգնեցան եւ լուրջ աշխատանք տարին պատերազմին դաժան հետեւանքները մեղմացնելու համար»:
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիան լուրջ աշխատանք կը տանի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու համար, աւելցնելով, որ այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներոն մեծամասնութիւնը փափաք ունի Սուրիա վերադառնալու, որովհետեւ չ՛ընդունիր խաղաքարտի վերածուիլ ահաբեկչութեան աջակցող երկիրներու կողմէ: Նախագահ Ասատ յոյս յայտնեց, որ խորհրդաժողովը յարմար ենթահող մը ըլլայ՝ յառաջիկայ փուլին մասնակից կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը խթանելու եւ տեղահանուածներու հարցի լուծում տալու առումներով: