Երբ խօսք կþըլլայ Արցախի տագնապին լուծման ընտրանքներուն մասին, յաճախ կը յիշատակուին աշխարհի նորագոյն պատմութենէն օրինակներ, մասնաւորաբար համեմատութեան եզրեր կը փնտռուին-կը գտնուին Իւկոսլաւիոյ տարանջատման եղելոյթին հետ: Նման բաղդատականներ ունին հիմնաւորման կէտեր, սակայն նաեւ կան նշանակալի տարբերութիւններ:
Իւկոսլաւիոյ ու մասնաւորաբար Քոսովոյի  օրինակները միակը չեն: Այսօրուան աշխարհին մէջ կան բազմաթիւ անլոյծ հարցեր, որոնք մերթ ընդ մերթ սուր տագնապներ կը ստեղծեն հոս-հոն, ոմանք կը մնան  իբրեւ լարուած ականներ, որոնցմով զարդարուած են Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ պէս նախկին կայսրութիւններ, չմոռնանք նաեւ… Ռուսիան ու Թուրքիան:
Գլխաւոր խորագիրը այն է, որ որոշ շրջանի մը ժողովուրդը կը պայքարի եւ ձեռք կը բերէ իր տարրական իրաւունքները՝ ինքնորոշում, անկախութիւն, գերիշխան պետութեան կարգավիճակ, իր մշակոյթին հետ ինքզինք կերտելու ուղին: Նման ճիգեր մերթ կþանցնին արեան գետերէ, ուրիշներ լուծում կը գտնեն խաղաղ միջոցներով, համախոհութեամբ, սակայն մի՛շտ… տուեալ գօտիի ժողովուրդին ազատ կամքին համապատասխան՝ հաւասարակշռող տնօրինումներով:
***
Եթէ ժամացոյցին սլաքները քիչ մը աւելի՛ ետ տանինք, վերջին 100-150 տարիներու աշխարհին մէջ կրնանք ցանկագրել նմանօրինակ բազմաթիւ օրինակներ: Իւրաքանչիւրին մասին խօսիլը մեզ կրնայ տանիլ պատմագրութիւն ամփոփելու կացութեան, սակայն այդ չէ մեր նպատակը: Այդ բոլորէն՝ եկէ՛ք, առանձնացնենք հողամաս մը, որ ժամանակին հսկայական տագնապ կը նշանակէր, մինչդեռ այսօր իր վերջնական լուծումը գտած է եւ անոր շուրջ համերաշխութիւն կը տիրէ նախկին ախոյեաններուն միջեւ:
Շրջանը կը կոչուի Ալզաս-Լորէն, կը գտնուի Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ սահմանին երկայնքին: Ունի աւելի քան 13 հազար քառ. քլմ. տարածութիւն (Լիբանանէն քիչ մը աւելի տարածուն, Արցախի աւելի քան երկու պատիկը), հինէն ի վեր ծանօթ է իբրեւ հանքերով հարուստ, հետեւաբար նաեւ՝ ճարտարարուեստի շրջան:
Ալզաս-Լորէն տարածքը աւելի քան 70 տարի կռուախնձոր էր Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ (նկատի ունինք միայն պատմութեան նորագոյն դարաշրջանը): Անիկա ճանչցուած էր իբրեւ ֆրանսապատկան հողամաս, ուր կը բնակին մեծ թիւով գերմանացիներ, գերմանական մշակոյթի տիրապետութիւնն ալ ակներեւ էր երկար ատեն (ուշ միջնադարէն սկսեալ): Գերմանիոյ կայսրութեան արեւածագին, այս գօտին 1871-ին գրաւուեցաւ Գերմանիոյ կողմէ, երբ Ֆրանսա պարտութիւն կրեց Գերմանիոյ դէմ իր պատերազմին: Գերմանացիք շրջանը պահեցին մինչեւ 1919, մօտաւորապէս 50 տարի, սակայն Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, պարտուելով դաշնակիցներէն, զայն վերադարձուցին Ֆրանսայի: Հիթլէրի Գերմանիան այդ գօտին վերստին գրաւեց  Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, սակայն Գերմանիոյ երկրորդ պարտութեամբ, Ֆրանսա վերատիրացաւ իր հողերուն, մինչեւ այսօր ալ անվիճելիօրէն կը պահէ շրջանը:
***
Չենք ուզեր մտնել Ալզաս-Լորէնի դարաւոր տագնապի պատմութեան ծալքերուն մէջ, ո՛չ ալ՝ այն մանրամասնութիւններուն, որոնք ֆրանսական այս շրջանը, տարբեր տասնամեակներու, որոշ հակադրութիւններու մղած է նոյնինքն Ֆրանսայի կեդրոնական իշխանութեան հետ (ինքնավարութեան ձգտում): Փաստը այն է, որ Գերմանիա վերջնականապէս ընդունած է, որ այս գօտին Ֆրանսայի կը պատկանի, այլեւս անոր վերատիրանալու յաւակնութիւններ ցոյց չի տար, իսկ եթէ պրպտենք՝ կրնանք գտնել, որ հոն ժողովրդային եւ միջպետական մակարդակներու վրայ համերաշխ համակեցութիւն ստեղծուած է: Ֆրանսացիք չեն ջարդած կամ բռնագաղթի մղած՝ գերմանական ծագումով բնակիչները, գրաւման տարիներուն ալ, գերմանացիք չեն ջարդած ֆրանսացիները, զանոնք չեն հեռացուցած իրենց պատմական հողերէն…
«Առակս ցուցանէ» որ մեծ պատերազմներու բովէն անցած Ալզաս-Լորէնի հարցը այսօր վերջնականապէս լուծում գտած է, քաղաքական ելք ունեցած է եւ… դուրս ինկած է աշխարհի տաք գօտիներու քարտէզէն:
Արցախի հարցը նմանութեան որոշ գիծեր ունի «մոռցուած» տագնապին հետ, ունի նաեւ մեծ տարբերութիւններ: Քաղաքակիրթ աշխարհը կը թելադրէ, որ դրացիներ, հաւասարապէս բարիքի հետամտութեամբ, կրնան ու պէ՛տք է լուծում գտնեն քաղաքական սեղաններու շուրջ: Եթէ աշխարհը այսօր ընդունած է, որ անցեալի այդ կռուախնձորը Ֆրանսայի կը պատկանի, ի՞նչ դժուարութիւն ունի քուէարկելու, որ Արցախը հայապատկան է դարերէ ի վեր, սկսեալ այն օրերէն՝ երբ աշխարհի քարտէզին վրայ Ֆրանսա ու Գերմանիա անունով երկիրներ չկային, այլ ի՜նչ խօսք՝ Ատրպէյճան կոչուած երկրին մասին…
Արցախի ու անոր կողքին կանգնող Հայաստանի ու ո՛ղջ հայութեան հիմնական հարցը կը բխի էական տարբերութենէ մը. Ատրպէյճան եւ Թուրքիա չեն կրցած ըմբռնել Քաղաքակրթութիւն ըսուածը, կը մնան վայրագ վոհմակներ, «Գորշ գայլեր», ջարդարար ու ցեղասպան, այնպէս՝ ինչպէս Գերմանիան վերածուեցաւ Հիթլէրի օրերուն: Էրտողան, իր նախորդներն ու «եղբայր» ազերիները կը յամառին յայտարարել՝ «Եթէ թռի իսկ՝ այծ է…»: Աշխարհի ուժերն ալ անոնց հետ կը վարուին շահակցական տրամաբանութեամբ, առանց նկատելու այն էական դիմաշրջումը (պիտի ըսէինք՝ դիմակազերծումը), որ կը ցուցաբերէ Էրտողանի Թուրքիան:
Եթէ աշխարհը անցեալին քաջութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցաւ կասեցնելու ցեղապաշտ Գերմանիան ու անոր դաշնակից՝ Մուսոլինիի Իտալիան, այսօ՛ր ալ պարտաւոր է նոյնը ընելու ցեղապաշտ-համաթուրանական Թուրքիոյ դէմ: Այդ ընելու համար, չեն բաւեր թուրք-ազերիական աղաղակող ոճիրներուն դէմ դատապարտանքի խօսքերն ու կիսատ-պռատ արգելքները, այլ պէտք է որդեգրուին Թուրքիան եւ իր ազերի ու ոճրածին ահաբեկիչները ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ կազմաքանդելու քայլեր, որովհետեւ Թուրքիոյ դէմ պայքարող Արցախը, Հայաստանը, Սուրիան, Իրաքը, Լիբանանը, Կիպրոսն ու այլ երկիրներ միայն առաջնագիծն են այդ շարժումին, մինչդեռ թրքական ոճով ոճրային արարքները օր աւուր կը հարուածեն Ֆրանսան, Գերմանիան, Անգլիան, Աւստրիան, իբրեւ «Դամոկլեան սուր»՝ կը սպառնան տարածուիլ շատ աւելի հեռուները…
Սարգիս Մահսերէճեան
Ընկերացող նկարներուն բացատրութիւնը.-
Ալզաս-Լորէնի շրջանը
Ֆրանսացի արուեստագէտ մը 18-րդ դարու վերջերուն այսպէ՛ս նկարած է գրաւեալ գօտիին կապը՝ Ֆրանսայի
հետ. անխորտակելի շղթայ մը…