Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցը այն հաստատութիւնն է, ուր փոքրիկներն ու պատանիները հաղորդակից կը դառնան Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքին, մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ կը թրծուին քրիստոնէական-հայեցի դաստիարակութեամբ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ Կրօնական Ժողովի տնօրինութեամբ, թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 2020-2021 տարեշրջանի վերամուտը ընթացք առաւ Նոյեմբեր ամսուան մէջ:
Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի վերամուտը նշուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի կառոյցէն ներս, ներկայութեամբ Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Թեմի Քահանայ Հայրերու:
Օրուան պատարագիչն էր՝ կիրակնօրեայ դպրոցի պատասխանատու Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Պատարագին սպասարկեց դպրապետ բարշ. Սարգիս Սրկ. Իսկէնեան: Շարականի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:
Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագով բացումը կատարեց Կիրակնօրեայ Դպրոցին, ապա օրուան խորհուրդը ուղղեց աշակերտներուն, բնաբան ունենալով Մատթէոսի Աւետարանի հետեւեալ համարը. «Սորվեցուցէ՛ք անոնց ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի», հաստատելով, թէ Կիրակնօրեայ Դպրոցը սովորական կառոյց մը չէ, այլ այն հարազատ միջավայրը, ուր աշակերտները կը յաճախեն սորվելու աստուածային ուսուցումները, հետեւելու Քրիստոսի պատուիրաններուն, ընդհանուր գիտելիք կազմելու քրիստոնէական հաւատքին, մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, սուրբերուն եւ աւանդութիւններուն մասին:
Մասիս Եպիսկոպոս կիրակնօրեայ դպրոցի սաները համարեց հոգեւոր աշակերտներ, իսկ ուսուցիչները՝ հովիւներ, որոնք դասարանէն ներս Աստուծոյ խօսքը, Աւետարանը եւ մեր եկեղեցւոյ հարուստ պատմութիւնը կ’ուսուցանեն աշակերտներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան, թելադրելով աշակերտները, որպէսզի իրենց առօրեայ կեանքին մէջ յարատեւ աղօթեն, յատկապէս յիշելով մեր ազգակիցները, որոնք այս օրերուն Արցախի մէջ կը պայքարին մեր սրբութիւնները եւ արժէքները պահպանելու համար:
Սրբազան հայրը վերամուտի առիթով Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն բարեյաջող երթ մաղթեց, աշակերտներուն թելադրելով, որպէսզի մնան բարոյական արժէքներով, քրիստոնէական ուսուցումներով եւ ազգային դաստիարակութեամբ լիցքաւորուած հաւատարիմ զաւակները հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:
Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին յիշատակի լուսանկար առնուեցաւ, ապա աշակերտները հիւրասիրուեցան ուսուցչական կազմին կողմէ:
Կիրակնօրեայ Դպրոցի մաղթերգը խանդավառութեամբ երգելէ ետք աշակերտները վերադարձան իրենց տուները: