ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 – Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երրորդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Իթթիհատ Հուրիէ հանդիպումը, որ վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Համատանիէի մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 15.000 հանդիսականներու: Համայի մէջ Թալիաան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուրճուլան: Նոյն արդիւնքով Թիշրինը յաղթեց Ֆութուէին, իսկ Ուահտէն Ուասպէին: Սահէլ Շրթա եւ Ճէյշ Քարամէ հանդիպումները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը ժամանեց Իմարաթ, ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը, ինչպէս նաեւ երկու բարեկամական մրցումներ պիտի ունենայ Ուզպէքիստանի եւ Յորդանանի հաւաքականներուն դէմ:
– Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականը երրորդ շաբաթը ըլլալով Ռուսիոյ մէջ կը շարունակէ իր ուսումնամարզական հաւաքը: Հաւաքականի ամերիկացի մարզիչ Սալիրոնը ընտրեց կազմի 15 խաղացողները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հաւաքականի յառաջիկայ մրցումներուն:
– Երկու պարտութիւն մէկ հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք, Իթթիհատ ակումբի վարչութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Մուհաննատ Պուշը եւ իր օգնական կազմը: Ըստ ակումբէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, խումբի նոր մարզիչը պիտի ըլլայ արտասահմանէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱԹՐԻՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ԴԱՐՁԱՒ 
Իտալիոյ Սերիա Ա.-ի ախոյեանութեան 7-րդ փուլի մրցումներուն Իտալիոյ Ռոմա ակումբը, շնորհիւ Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանին, 3-1 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ճանաուան: Հանդիպումի հերոս դարձաւ Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիկ Մխիթարեանը, որ 3 կոլ նշանակելով յաղթանակը նուիրեց խումբին: Այս յաղթանակով, Ռոման ապահովեց իր 14-րդ կէտը եւ բարձրացաւ 3-րդ հորիզոնական: Խումբին յաջորդ խաղը Պարմային հետ է՝ 22 Նոյեմբերին:
ՖԱԹԻՆ ԾԱՆՐ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔ ՍՏԱՑԱՒ 
Սպանիոյ ախոյեանութեան 9-րդ փուլի մրցումներւն, Պարսելոնայի յարձակողական երիտասարդ խաղացող Անսօ Ֆաթին ծանրօրէն վնասուելով դուրս եկաւ դաշտէն: Խաղացողը հիւանդանալով ենթարկուեցաւ բժշկական քննութեան եւ ի յայտ եկաւ որ ան կարիք ունի վիրահատութեան, որմէ ետք պիտի յստականայ անոր բացակայութեան ժամանակաշրջանը: Աւելցնենք, որ Ֆաթին այս տարի ներկայացաւ բարձրորակ մակարդակի խաղարկութեամբ եւ կրցաւ նշանակել հինգ կոլ:
ՀԱԶԱՐՏ ԵՒ ՔԱԶԻՄԵՐՕ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ 
Ռէալ Մատրիտ ակումբի խաղացողներ Իտէն Հազարտ եւ Քազիմէրօ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով: Հինգշաբթի օր խաղացողներու բժշկական քննութիւններէն ետք յստակացաւ, որ զոյգ խաղացողները վարակուած են, իսկ մնացեալ խաղացողներուն եւ մարզական կազմին արդիւնքը բացասական եղաւ: Այսպիսով Հազարտ եւ Քազիմերօ պիտի բացակային խումբի յառաջիկայ մրցումներէն մինչեւ իրենց ամբողջական դարմանումը: Յիշենք որ անցեալ շաբաթ նաեւ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի խաղացող Միլթաուան վարակուած էր նոյն հիւանդութեամբ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան