Ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի ներկայացուցիչ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան պետական նախարար Մանսուր Ազզամի, Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2020-ին, տեղի ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար, փոխվարչապետ հանգուցեալ Ուալիտ Մուալլէմի յուղարկաւորութիւնը:
Յուղարկաւորութիւնը սկիզբ առաւ «Շամի» հիւանդանոցէն հասնելով «Սաատ Պըն Մուաազ» մզկիթը, ուր տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը, որմէ ետք հանգուցեալը հողին յանձնուեցաւ «Մազէ» գերեզմանատան մէջ:
Թաղման արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մաշրաֆիէ, որ Աունի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար երկրչփ. Հիլալ Հիլալ, Սուրիոյ կալուածի, տեղեկատուութեան, հանրային աշխատանքներու եւ բնակարանի, կրթութեան նախարարները, Պաաս կուսակցութեան կեդրոնական ղեկավարութեան անդամները, արտաքին գործոց փոխնախարարը եւ օգնականը, Սուրիոյ խորհրդարանէն անդամներ, Դամասկոսի եւ Դամասկոսի արուարձանի նահանգապետը, կարգ մը արաբ եւ օտար դեսպաններ, Դամասկոսի մէջ դիւանագիտական բանակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ժողովրդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական, կրօնական, տնտեսական մարմիններ, ազգային եւ պաղեստինեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով Սուրիոյ կալուածի նախարար Մուհամմէտ ապտուլ Սաթթար ալ Սեյիտ եւ խօսք առնելով ըսաւ. «Այսօր, մենք հողին կը յանձնենք Սուրիոյ հաւատարիմ, Սուրիոյ ժողովուրդին համար զոհուած եւ նախագահ Ասատին համահունչ լուրջ աշխատանք տանող անձնաւորութիւն մը: Յիշատակդ միշտ անմառ պիտի մնայ Նախարարութեան Խորհուրդէն, միջազգային հարթակներէն, ՄԱԿ-էն եւ Արաբական Լիկայէն ներս իբրեւ Սուրիոյ իրաւունքներու պաշտպան»:
Յիշենք, որ հանգուցեալ նախարար Ուալիտ Մուալլէմ իր մահկանացուն արձանագրեց Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօրեան ժամերուն: