Երեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նախագահ Ասատ ստացաւ զանազան ցաւակցագիրներ, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար, փոխվարչապետ Ուալիտ Մուալլէմի մահուան առիթով: Լիբանանի Նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն ցաւակցագիր ուղարկեց նախագահ Ասատին, որուն մէջ անդրադարձաւ Մուալլէմի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան Սուրիոյ եւ արաբական բարեկամ երկիրներուն մէջ: Իր կարգին Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս ցաւակցագիր ուղարկեց նախագահ Ասատին ըսելով. «Իմ եւ համայն Պաղեստինի ժողովուրդին անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ ժողովուրդին եւ Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ պահպանէ Սուրիոյ Հանրապետութեան ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը»: Իր կարգին Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պրրի ցաւակցագիր ուղարկեց նախագահ Ասատին խորին ցաւակցւթիւն յայտնելով Սուրիոյ ղեկաարութեան եւ ժողվուրդին եւ շեմտելով, որ հանգուցեալ նախարար Ուալիտ Մուալլէմի մահը մեծ կորուստէ ոչ միայն Սուրիոյ այլ նաեւ ամբողջ արաբական ազգին: Ան հաստատեց, որ Մուալլէմ միշտ եղած էր Սուրոյ իրաւունքի պաշտպանը եւ անոր սիրտը յարատեւ արաբականութեամբ կը բաբախէր: