ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը` մերժելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող դաւադիր ծրագիրը, գիտակցելով պահու վճռականութիւնը, հաւատարիմ մնալով ի շահ Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գործելու իր առաքելութեան կը յայտարարէ`
Պատերազմը տանուլ տուած, երկիրը խորը ճգնաժամի առջեւ կանգնեցուցած, հասարակութեան այս ծանր վիճակին մէջ անգամ պառակտող իշխանութիւնը պէտք է անյապաղ հեռանայ:
Սոյն պահանջով կոչ կ’ուղղենք հայ երիտասարդներուն
1. Բողոքի ձայն բարձրացնել ընդդէմ դաւադիր իշխանութեան` պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը
2. Մնալով օրինականութեան սահմաններուն մէջ, բռնութիւնը ի սպառ բացառող բոլոր գործողութիւններով, օգտագործել բոլոր մատչելի տարբերակները` հայ ժողովուրդին մէջ բոցավառելու ազատագրական պայքարի կրակը:
3. Մէկ կողմ ձգելով բոլոր տարաձայնութիւնները եւ փշրելով հայու ազատատենչ ոգին շղթայող կապանքները` ապրիլ եւ գործել ի շահ Հայրենիքին: