Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հարաւային շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակումի մը:
Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 3:11-ին, Իսրայէլ սուրիական գրաւուած Կոլանէն օդային յարձակում գործեց հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ, արձակելով բազմաթիւ հրթիռներ:
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը անմիջապէս դէմ դրին յարձակումին եւ վար առին հրթիռներուն մեծամասնութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, յարձակումին հետեւանքով զոհուեցաւ 3 զինուոր, արձանագրուեցան 1 վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: