«Երկիր».- Հայ Դատի Արեւմտեան տարածաշրջանի Յանձնախումբէն յայտնած են, որ Նեւատա նահանգի Քլարք շրջանը ներկայացուցած է Արցախը պաշտօնապէս ճանաչող Հռչակագիր: Հռչակագիրի ներկայացումին ելոյթով հանդէս եկած է Հայ Դատի Նեւատա նահանգի համանախագահ Լեննա Յովանէսեան: Նախաձեռնութեան ներկայ էին նաեւ ԱՄՆ-ի Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Լոս Անճըլըսի գլխաւոր հիւպատոս դոկտոր Արմէն Պայպուրթեան: