«Երկիր».- Հոլլանտայի Հայաստանի դեսպան Տիգրան Պալայեան «թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է, որ Հոլլանտայի խորհրդարանը ընդունած է ռազմական յանցագործութիւններու եւ Արցախի դէմ վայրագութիւններուն համար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, անոր կնոջ` Մեհրիպան Ալիեւայի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի եւ այլոց դէմ անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու մասին պատգամաւորներ Սատեթ Քարապուլութի եւ Հեթլիտ Պլումենի առաջարկած բանաձեւերը:
Դեսպանը նաեւ յայտնած է, որ ԵՄ-ն լայն շրջափակում սահմանած է Թուրքիոյ զէնք մատակարարելուն համար` արարքին մասնակցելու համար:
Պատգամաւոր Քարապուլոթի առաջարկած բանաձեւին մէջ կոչ ուղղուած է Հոլլանտայի կառավարութեան` անհատական պատժամիջոցներ կիրառել անհատներուն նկատմամբ` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, որոնք պատասխանատու են Լեռնային Ղարաբաղի բռնարարքներուն համար:
«Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի  անգլաւի շուրջ բռնութիւնները վերջին ամիսներուն կրկին բռնկած են, նկատելով, որ բռնութիւններու վերջին փորձը նախաձեռնուած է Ատրպէյճանի կողմէն` Թուրքիոյ քաջալերումով, պատգամաւորը կոչ ուղղած է կառավարութեան` անհատական պատժամիջոցներ կիրառել այն անհատներուն նկատմամբ` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, որոնք պատասխանատու են Լեռնային Ղարաբաղի բռնարարքներուն համար»,- նշուած է բանաձեւին մէջ:
Պատգամաւորներ ֆան տէ Լետենի, ֆան Հելֆերտի եւ Ֆորթեւինտի իրենց բանաձեւին մէջ նոյնպէս առաջարկած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, անոր ընտանիքի անդամներուն եւ առանցքային անհատներուն նկատմամբ անձնաւորուած պատժամիջոցներ սահմանել ` ատրպէյճանական յարձակման եւ Թուրքիոյ կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիացի զինեալներ տեղակայելուն առնչութեամբ:
Իսկ պատգամաւոր ֆան Հետ Լիտ Պլումենի բանաձեւին մէջ կոչ ուղղուած է հետաքննութիւն կատարել բազմակողմ հարթակի վրայ, թէ ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կրնայ ներգրաւուիլ զինադադարի համաձայնագիրի մշտադիտարկման դերակատարումին մէջ: