18 Նոյեմբերին, Ազատութեան հրապարակը հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը ծայր առաւ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով:
Հանրահաւաքի հազարաւոր մասնակցողներուն մաս կը կազմէին նաեւ Երեւանի մէջ ապաստան գտած արցախցիներ, պատերազմին հարազատներ եւ ընկերներ կորսնցուցած քաղաքացիներ ու Արցախի ճակատագիրով մտահոգուած անձեր:
Հանրահաւաքին մասնակցողները յայտնեցին, որ, ի հեճուկս վարչապետին խոստին, թէ որեւէ գաղտնի բանակցութիւններ պիտի չվարէ, եւ ժողովուրդը ի՛նքն է, որ պիտի որոշէ Արցախի հարցին վերաբերող ամէն բան, Նիկոլ Փաշինեան գաղտնի որոշում տուաւ եւ Արցախի անձնատուութեան փաստաթուղթը ստորագրեց: