Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորրդարանը գումարեց իր առաջին շրջանի 17-րդ նիստը, նախագահութեամբ՝ Համմուտա Սապպաղի:
Նիստին ընթացքին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարար Զուհէր Խուզէմ յայտնեց, որ նախարարութիւնը յաջողեցաւ Դամասկոս-Հալէպ երկաթեայ 400 քիլո մեթր տարածութեամբ գիծը վերականգնել: Ան բանիլ պիտի սկսի այս տարուայ աւարտին:
Նախարար Խուզէմ յայտնեց, որ աշխատանքը կը շարունակուի Հալէպի, Լաթաքիոյ օդակայանները վերապատրաստելու: Ան հաստատեց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանին վերականգման աշխատանքներուն 99%-ը ամբողջացած է եւ լրիւ ամբողջանալէն ետք շաբաթական երկու թռիչքներ տեղի պիտի ունենան դէպի Եգիպտոս եւ Սուտան: