ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կոչին համաձայն, Միութեան 102-րդ ամեակին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը միահամուռ՝ Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2020-ին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին Արցախի նահատակներուն եւ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն: ՀՄԸՄ-ը Արցախի մէջ ունեցաւ յանուն հայրենիքի իրենց կեանքերը ընծայաբերած նահատակ եղբայրներ՝ Արտակ Մարտիրոսեան, Գրիգոր Ղազարեան, Գէորգ Հաճեան, Էրիկ Գալստեան, Արտակ Իշխանեան, Հայկ Դերիկլեան, Արմէն Առուստամեան եւ հալէպահայ նահատակներ Յարութ Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան եւ Մոսիկ Սեքլեմեան:
Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի մասնաճիւղերը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով Արցախի նահատակներուն եւ Միութեան ննջեցեալներուն, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին:
Հալէպի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, տարազաւոր ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու ներկայութեամբ:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան արարողութիւնը գլխաւորեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս տիար Արմէն Սարգսեան, ՀՀ Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, Պատկան Մարմինի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի Վարչութիւնը, Սկաուտ Խորհուրդը, մասնաճիւղի խմբապետը, աստիճանաւորական եւ խըմբապետական տարազաւոր կազմերը, ՀՄԸՄ-ի դամբարանին մէջ թաղուած ՀՄԸՄ-ականներու հարազատները եւ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ներկաները ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին եւ տարազաւոր սկաուտներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ի դամբարան, ուր Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեանի առաջնորդութեամբ ներկաները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն: Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը նուագեց ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք Ա.Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ:
Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց քոյր Անի Մինասեան, յիշելով ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներուն երթը եւ մանաւանդ Արցախի նորօրեայ պատերազմի ՀՄԸՄ-ականներու նահատակութիւնը:
Բնութագրելով ՀՄԸՄ-ականի տիպարը քոյր Անին նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ականը այն պատասխանատուն է, որ լրիւ գիտակցելով իր լուրջ առաքելութեան երբեք չի զլանար: Այն սկաուտն է, որուն կեանքը դարձած է նուիրում եւ պատասխանատուութիւն: Այն մարզիկն է, որ կենսականօրէն ընտրեց «առողջ մարմին, առողջ միտք» սկզբունքը, գործնական օրինակ հանդիսանալով իր շրջապատին եւ անսպառ կորովով եւ կարգապահութեամբ ՀՄԸՄ-ի մարզական աւանդութիւնները պահեց ու պիտի պահէ նախանձելի բարձրութեան վրայ:
Եզրափակելով, ան ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ը իր ՀՄԸՄ-ականներով միշտ եղաւ հայր, պաշտպան եւ բարեկամ բոլորին»:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան խօսքը ներկաներուն ուղղեց Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան յայտնելով, որ աւանդութիւն դարձած է ամէն տարի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան տարեդարձին օրը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարել ՀՄԸՄ-ական հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ այս տարի մասնաւորապէս Արցախի գոյապայքարի մեր նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար:
Եղբայր Աւետիս նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ականները համոզուած ըլլալով ՀՄԸՄ-ի վեհ գաղափարին, երկար տարիներ գործած եւ անսակարկ կերպով նուիրուած են միութեան վսեմ գաղափարին եւ անոր անզուգական «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին:
Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին եղբ. Աւետիսը յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ականները եւ Արցախի մասնաճիւղը իրենց լուման բերին Արցախի գոյապայքարին եւ հայրենիքի ազատութեան համար նահատակուելով անմահացան: Ապա ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան փոխանցեց իր խօսքը հաստատելով. «Համախմբուած ենք այստեղ յիշելու եւ անմահացնելու յիշատակը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան շարքերէն ներս իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցած ՀՄԸՄ-ական բոլոր ննջեցեալներուն, ի մասնաւորի Արցախի պատերազմին անսակարկ նուիրումով ու նահատակութեամբ իրենց հայրենիքին երախտապարտօրէն ծառայած ու նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք բարձր գիտակցութեամբ եւ իրենց երդման հաւատարիմ զոհուեցան ի սէր հայրենեաց: Յաւերժ փառք այն եղբայրներուն, որոնք իրենց անվերապահ ներդրումը բերին, զոհուեցան ու նահատակուեցան Արցախեան պատերազմին»:
Եղբ. Մանուկ նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր նահատակ սերունդին երթը մինչեւ որ հասնի մեծ յաղթանակին եւ կարենայ եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել հայրենի լերան կատարին:
Այս առիթով Արժ. Տ. Մաշտոց Աւագ քհնյ. Արապաթլեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յայտնելով, որ ննջեցեալները յիշելը պատահականութեան մը արդիւնքը չէ, այլ անոնց կեանքէն եւ կտակէն եկող շարունակականութիւն:
Անդրադառնալով Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն քահանայ հայրը նշեց, թէ թափուած արեան վրէժը պահանջելը քինախնդրութիւն չէ, այլ արդար սուրբ պահանջք մը, եւ Աստուած որ արդար է՝ վստահաբար արդար հատուցում պիտի կատարէ:
Միութեան 102-րդ ամեակին յիշելով Միութեան ննջեցեալներն ու նահատակները, քահանայ հայրը պատուիրեց, որ մեր յոյսը միասնականութեան, պահանջատիրութեան, կամքին եւ հաւատքին վրայ դնենք: Խօսքի աւարտին, քահանայ հայրը ՀՄԸՄ-ին մաղթեց առաւել կամք եւ կորով, շարունակելու համար սերունդներ դաստիարակելու առաքելութիւնը:
Աւարտին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան յարգանքի հանդիպումը:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի եւ տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան արարողութիւնը գլխաւորեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան:
Յիշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եկեղեցիներու մուտքին զետեղուած էր «ՀՄԸՄ-ը միշտ պատրաստ է օգնութեան» լոզունքով Արցախի օժանդակութեան դրամահաւաքի արկղեր:
ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղէն ներս, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի աւարտին Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Արցախի նահատակներուն եւ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն, որմէ ետք հոգեսուրճ տեղի ունեցաւ «Արարատ» սրահէն ներս, ուր խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով ցաւ յայտնեց Արցախի մէջ պատահած իրավիճակին համար, շեշտելով, որ նահատակութեամբ եւ պայքարի ոգիով պարտութիւնը պիտի վերածենք յաղթանակի:
ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղը նախագահութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց, ի յիշատակ Արցախի նահատակ հերոսներուն եւ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներուն, տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան, ապա տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ:
ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղը Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ՝ Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեանի, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ:
Յաւերժ փառք եւ պարծանք Արցախի մեր նահատակներուն եւ բիւր յարգանք անոնց վաստակին: