Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ ծովափնեայ շրջան, չորս օրերու տեւողութեամբ:
Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ մը ժամանեց Թարթուս: Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան անդամներ Մեթր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեան, տիար Հրայր Թրթռեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցան Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի, Թարթուսի թաղական խորհուրդին եւ անոր ատենապետ տիար Աւօ Քուրթուքեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ անոր ատենապետ տիար Վահէ Կարճիկեանի կողմէ: Թարթուսի մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց յոյն ուղղափառ «Սուրբ Դանիէլ» եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան Թարթուսի, Պանիասի եւ շրջակայքի հաւատացեալները, Լաթաքիայէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ անոր ատենապետ տիար Վահէ Կարճիկեանի: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց թարթուսահայութեան դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ տիար Յովիկ Գըլնճեանի:
Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանը կը կազմէր Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Տագնապի մատնուած ենք բայց ընկճուած չենք. նեղութիւններ անպակաս են, բայց յուսահատ չենք», որուն ընդմէջէն բոլորս կը հրաւիրուինք յոյսով ներշնչուելու եւ լաւատեսութեամբ տոկալու, հակառակ կեանքի դժուարին պայմաններուն:
Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ուր ցաւ յայտնելով յիշեց, թէ Արցախէն որոշ հողեր խլուեցան մեզմէ, մեր դարաւոր թշնամին գրաւեց մեր սուրբ հողը, սակայն հակառակ այս բոլորին Մասիս եպիսկոպոս ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց երբեք չյուսալքուիլ եւ յիշել առաքեալին արտասանած բառերը:
Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը գնահատեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւին ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ խրախուսեց Թարթուսի թաղական խորհուրդը եւ դպրաց դասի անդամները մաղթելով բոլորին արեւշատութիւն եւ պտղաբեր ծառայութիւն:
Յետ պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Արցախի մէջ նահատակուած քաջարի հերոսներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Պատարագի աւարտին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքը արտասանեց: Ապա, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներուն կողմէ:
Նոյն օրը, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. Մուհամմէտ Ապտուլ Սաթթար ալ Սայէտին, Թարթուսի իր բնակարանէն ներս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեան, Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, Լաթաքիոյ ու ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ տիար Կարօ Փամպուքեան:
Այցելութեան առիթով Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, միաժամանակ շեշտեց Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին ստանձնած իւրայատուկ տեղն ու դերը Սուրիոյ բարգաւաճման եւ զարգացման գործընթացին մէջ:
Խորհրդակցական հանդիպումին Թեմակալ Առաջնորդը լուսարձակի տակ առաւ թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, միաժամանակ յայտնելով, որ համագործակցութեան ոգիով եւ հետեւողական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները: Շեշտուեցաւ իսլամ- քրիստոնեայ սերտ յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը, միասնական աշխատանքով վերածաղկեցնելու սուրիական հայրենիքը:
Աւարտին, սրբազան հայրը երախտագիտութեամբ եւ պարծանքով անդրադարձաւ Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի հպարտառիթ կեցուածքներուն Սուրիոյ ազատագրման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակին արձանագրած հսկայական յաղթանակներուն, որոնց շնորհիւ այսօր Սուրիան կ’ապրի առաւել կայուն քաղաքական վիճակ:
Պարոն Նախարարը ցաւով անդրադարձաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ ստորագրուած պայմանագրութեան, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանին եւ Արցախի հայ ժողովուրդին:
Հանդիպումի աւարտին, սրբազան հայրը Նախարարին փոխանցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները եւ այս առիթով Նախարարին նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը:
Երեկոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն տուաւ Քեսապ, ուր դիմաւորուեցաւ Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեանի եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ, ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթք մատուցուեցաւ, որմէ ետք «Սահակեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Քեսապի ազգային մարմիններուն, ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Սրբազան հայրը Արցախի կացութեան անդրադառնալով դիտել տուաւ, որ հայոց բանակին հերոսական պայքարը հայուն ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանման արտայայտիչն է: Սրբազան հայրը Հայրենիքին նկատմամբ անվերապահ սէր եւ ամբողջանուէր նուիրում ունենալը էական նկատեց ի խնդիր մեր իրաւունքներու պահպանման եւ ազգային շահերու հետապնդման:
Մասիս եպիսկոպոս գնահատեց Քեսապի թաղական խորհուրդը, ազգային մարմինները եւ շրջակայքի հայութիւնը, մաղթելով արեւշատութիւն եւ խաղաղ օրեր:
Սրբազան հայրը խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ նաեւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հետ եւ իրազեկ դարձաւ Քեսապահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Շաբաթ, 14  Նոյեմբեր 2020-ին Լաթաքիա ժամանելով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի նախագահութեամբ նշուեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի 2020-2021 տարեշրջանի վերամուտը,Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին, պատրաստուած ուսուցչական կազմին հոգատար աշխատանքով: Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց քահանայ հօր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատական խօսք ուղղեց կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, մաղթելով, որ 2020-2021 տարեշրջանը արդիւնաւէտ աշխատանքի եւ բարեյաջող գործունէութեան տարի մը հանդիսանայ:
Լաթաքիա գտնուած շրջանին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւններ տուին Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Խըտըր ալ Սալեմին, Լաթաքիոյ ոստիկանապետ Նապիլ ալ Ղաճարիին, Լաթաքիոյ կուսակցապետ Հայսամ Իսմայիլին, որոնք գնահատեցին սուրիահայութեան գործօն ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ իրենց կարգին հաստատեցին, թէ հայը միշտ եղած է այս երկրին հաւատարիմ ու գործօն տարրը եւ որպէս պտղատու ծառ իր ամրակուռ արմատները հաստատած է սուրիական հողին վրայ:
Շաբաթ երեկոյեան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ: Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահէն ներս ընդունեց Լաթաքիոյ մէջ ծառայող քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, որոնց հետ շինիչ հանդիպում ունեցաւ եւ անոնց նուիրեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը:
Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեանի եւ տիար Հրայր Թրթռեանի, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ծովեզերեայ շրջանէն՝ Թարթուսէն, Պանիասէն, Արամոյէն, Ղընեմիէէն, Եագուպիէէն, Քեսապէն եւ Լաթաքիայէն ժամանած ուխտաւորներու հոծ բազմութեան:
Պատարագի առընթերականերն էին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը:
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ եօթը սարկաւագներու ձեռնադրութիւն:
Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը սուրբ միւռոնով օծեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին սրբապատկերը, որ նուիրուած էր Լենա եւ Էլիզապէթ Սիրանոսեան քոյրերուն կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց ծառայութեան կարեւորութիւնը, որ սիրոյ ու նուիրումի թարգմանն է եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: «Սարկաւագ ըլլալ կը նշանակէ ծառայել ո՛չ միայն եկեղեցւոյ խորանին, այլ աստուածային ուսուցումներուն», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Կիրակի երեկոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լաթաքիոյ մասնաճիւղի կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ Միութեան պատասխանատուներուն կողմէ: Փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հետեւեցաւ ներկայացուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագրին, ձօնուած՝ Արցախին ու մանաւա՛նդ անմահ հերոսներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով անհրաժեշտ նկատեց Թեմիս կեանքը կազմակերպել եւ վերաշխուժացնել բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ որպէս սուրիահայ հաւատարիմ քաղաքացիներ գործօն մասնակցութեամբ ներդրում բերել երկրի բարգաւաճման գործընթացին մէջ:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Լաթաքիոյ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կեդրոնը: Սրբազան Հայրը կեդրոնի մուտքին ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան, ապա կեդրոնի ներքնասրահէն ներս ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում, որուն սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Արցախի նահատակներուն յիշատակը: Մասիս եպիսկոպոս թելադրեց, որ այս դժուար հանգրուանին մէջ հակառակ տեղի ունեցող բարդ իրավիճակին միասնական ըլլալ եւ յոյսին կառչիլ: Ապա, Սրբազան Հայրը առանձնակի հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ընկերներուն եւ Ուսանողական Միութեան անդամներուն հետ եւ թելադրեց, որ իրենց ստացած գիտելիքները ի սպաս դնեն ընդհանուրի բարիքին եւ ազգաշինութեան ի խնդիր:
Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Լաթաքիոյ Ազգային Սրբոց Նահատակաց Վարժարան, ընկերակցութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեանի եւ Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանի:
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Հուրի Տէյիրմէնճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Վահէ Կարճիկեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Աշակերտները ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորեցին եւ իրենց ցնծութիւնը արտայայտեցին Սրբազան Հօր օրհնաբեր գալուստին առիթով:
Իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Վարժարանի Տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Տէյիրմէնճեան եւ պետական տնօրէնուհի Պատրիէ Խըտըր Սալեմը, որոնք շնորհակալական արտայայտութեամբ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր օրհնաբաշխ այցելութեան առիթով:
Ապա դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր, արտայայտելով մեր ոսկեղնիկ լեզուին գեղեցկութիւնը եւ հարստութիւնը: Անոնք նաեւ հնչեցուցին Արցախին նուիրուած ազգայնաշունչ երգեր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ կարեւորեց հայ դպրոցին դերակատարութիւնը մեր կեանքէն ներս, յայտնելով, որ հայաբոյր մթնոլորտի մէջ աշակերտները մարդակերտումի եւ հայակերտումի ճանապարհէն կ’անցնին ո՛չ միայն գիտելիքներ ամբարելով, այլեւ հայատիպ նկարագիր կազմելով:
Ապա դպրոցի «Արարատ» սրահէն ներս Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ մանկապարտէզի աշակերտութեան հետ, որմէ ետք խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ ազգային վարժարանի պաշտօնէութեան եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն հետ եւ գնահատեց անոնց տարած աշխատանքը:
Հալէպ վերադարձի ճամբուն վրայ Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2020-ի միջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Թարթուսի նահանգապետ Մեթր Սաֆուան Ապու Սաատային:
Հանդիպումին սրբազան հայրը անդրադարձաւ ծովափնեայ շրջան իր կատարած հովուական այցելութեան, յիշելով Թարթուսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, ինչպէս նաեւ Մաշթալ Հլուի այցելութիւններուն: Սրբազան Հայրը համապարփակ կերպով ներկայացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի գործունէութիւնը, ապա անդրադարձաւ Դամասկոս կատարած իր այցելութեան: Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ սուրիահայերը, ինչպէս բոլոր սուրիացիները, պիտի մնան հաւատարիմ զաւակները սուրիական հայրենիքին:
Հովուական այցելութեան առիթով Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը կը յայտնէ Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանին, Թարթուսի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ թաղական խորհուրդներուն, ազգային մարմիններուն եւ ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններուն ու տնօրէններուն, որոնք նուիրումով եւ բծախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած ազգանուէր ծառայութիւնը: Իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նաեւ ծովափնեայ շրջանի պետական աւագանիին, որոնք խոր յարգանք եւ սիրալիր վերաբերմունք կը ցուցաբերեն հայ համայնքին նկատմամբ: