Մարտիրոսացան մեր երիտասարդները՝ Յարութ Բանոյեանը, Յակոբ Ասթարճեանն ու Մոսիկ Սեքլեմեանը։
Անոնք իրենց պատանի տարիքէն ընտրած էին ազգին ու հայրենիքին ծառայելու, հայրենազուրկ դարձած իրենց ժողովուրդին վրէժը լուծելու եւ մարտունակութեամբ մեր ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին լծուելու ուղին։
Անձնական կեանք գրեթէ չունէին, նուիրուած էին միութեան, հաւաքական կեանքին։ Նիւթն ու նիւթեղէնը արժէք չունէին իրենց համար, հայրենիքը անկախ ու ազատ, մեր ժողովուրդը իր իրաւունքներուն տիրացած տեսնելու տենչը կը մղէր զիրենք ամէնէն վտանգաւոր մարտական գործերն իսկ յանձն առնելու։ Անոնք վերջ կ’ուզէին տալ անհայրենիք մնացած հայ երիտասարդութեան տարտղնուած վիճակին։ Կը հաւատային, որ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին իրենց մասնակցութիւնը բերելով անկոռնչելի ուղերձ պիտի յղեն հայ երիտասարդութեան՝ թշնամիին դաւերուն, ոճիրներուն դիմաց չընկրկելու, պայքարելու աննահանջ, որովհետեւ պարտութիւնն իսկ ժամանակաւոր երեւոյթ կը համարէին, երբ յաղթելու պատրաստակամութիւնն ու կամքը կ՛եռային իրենց պայծառ մտքին ու զուլալ հոգիին մէջ։
Անոնք լոկ խօսքերով, զգացական պոռթկումներով չէին առաջնորդուեր, կը սորվէին պատմութիւն, կը մարզուէին ու հմտանալով իրենց ընտրած պայքարի ճամբուն վրայ՝ յանձն կ’առնէին մարտիկներ դառնալու դժուար, բայց հերոսածին ուղին։
Երբ սկսած էր սուրիական պատերազմը, անոնք գիշեր ցերեկ կը հսկէին հայաշատ թաղամասերուն, ժողովուրդին ապահովութեան, միեւնոյն ատեն կը սերտէին թշնամիին քայլերը, անոր դաւերն ու օգտագործած զէնքերը։
Անոնց փափաքն էր հայրենի հողին վրայ կռուիլ ու եթէ հարկ ըլլայ զոհուիլ, նահատակուիլ հայրենի հողին վրայ ու թաղուիլ Եռաբլուրին մէջ, որովհետեւ հոն իրենց հոգին պիտի հանգչէր մեր արմատներուն հետ աղերսուելով ու Արարատին ապաւէնը զգալով։
Հալէպի հայաշատ թաղերու, յատկապէս Նոր Գիւղի ինքնապաշտպանութեան հրամանատար Յարութ Բանոյեան հասակ առած էր Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, ապա Երիտասարդական Միութեան՝ ՍԵՄ-ի շարքերուն մէջ։ Այնտեղ իր մէջ արմատացած էին հայրենասիրութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը, արիութիւնն ու հայութեան իրաւունքներուն համար մինչեւ վերջ պայքարելու մարտունակութիւնը։ Հետագային անդամագրուեցաւ ՀՅԴ-ի շարքերուն, ուր ծառայեց լուռ, անաղմուկ, հեռու ցուցամոլութենէ եւ անձնական փառքի ձգտումներէ։ Ուխտեց ծառայել իր ժողովուրդին ու Սուրիական եւ Մայր հայրենիքին եւ իր ուխտին հաւատարիմ մնաց։ Յարութին համար մեծ եւ փոքր գործեր չկային, գործը սրբութիւն էր պարզապէս, հրահանգի ենթարկուիլը՝ պարտք։
Նոր Գիւղի պաշտպանութեան օրերուն միշտ գործի վրայ էր, գիշեր-ցերեկ, ռումբերուն տակ մինչեւ վերջ կը մնար ակումբ, կը հսկէր ու վտանգներու ի սպառ հեռացումէն վերջ միայն կը գտնէր իր անդորրը։
Յարութը կը վայելէր վստահութիւնը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի պետական, զինուորական շրջանակներուն, շնորհիւ իր վարք ու բարքին, աշխատանքի հանդէպ ցուցաբերած լրջութեան եւ մարտական հմտութեան։
Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, երբ որեւէ շրջանի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն վտանգ սպառնար՝ կը փութար օգնութեան։
Ընկերասէր էր Յարութը։ Իր անձէն աւելի հոգատար էր իր ընկերներուն նկատմամբ, ինքզինք կը վտանգէր՝ ուրիշներու կեանքը փրկելու համար։ Անձնազոհ էր, անվախ ու քաջասիրտ։
Արեան կանչը զինք հասցուց Արցախ, անտարբեր չէր կրնար մնալ ան։ Փութաց արցախեան ազատամարտի նուիրուած իր քոյր-եղբայրներուն օգնութեան ու իր ներդրումներուն համար արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մարտական Խաչ» երկրորդ աստիճանի, իսկ յետնահատակութեան՝ Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններուն։
Գաղափարին նուիրումը զինք կը մղէր ստանձնելու ամէնէն դժուար եւ վտանգաւոր թուող գործերն անգամ, մարտական իր ունակութիւնները երեւելի էին երիտասարդ տարիքէն։ Խիզախ ու նպատակին համար մինչեւ վերջ պայքարող զինուոր էր ընկեր Յարութը՝ ազատութեան համար պայքարող զինուոր։
Դաշնակցականի իր երդումը արժանավայել զոհողութեամբ պսակեց, երբ սուրիական պատերազմի տարիներուն, Հալէպի մէջ կռիւ մղեց թրքական բանակին հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական վարձկան խմբաւորումներուն դէմ, կամաւոր ծառայութեամբ պաշտպանելով Սուրիական Հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը։ Հայրենիքին սպառնացող վտանգին հանդէպ անտարբեր չէր կրնար մնալ, վճռեց իր գաղափարակից ընկերներուն հետ ուղղուիլ Արցախ, ուր իր արիւնակիցներուն հետ նուիրուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան սուրբ գործին։ 5 Նոյեմբերին զոհուեցաւ Արցախի սուրբ հողին վրայ, դէմ դնելով ազերիաթրքական հրոսակներուն՝ մինչեւ իր նահատակութիւնը պաշտպանելով Շուշին։
Նոյն վճակամութեամբ Սուրիական Հայրենիքին եւ Արցախի պաշտպանութեան նուիրուեցան Յակոբն ու Մոսիկը։ Երկուքն ալ թրծուած ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան եւ Երիտասարդական շարքերուն մէջ, ապա նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ։
Յակոբը արի, բայց փափկասիրտ էր, Մոսիկը՝ լուռ աշխատող։ Հազարաւոր օրինակներ կը յատկանշեն անոնց զոհողութեան ոգին ու ընկերասիրութիւնը։ Անոնք գերադասեցին հաւաքական շահը, ազգային ծառայութիւնը, անտեսելով անձնական կեանք եւ ապահովութիւն։ Կարգապահութեամբ կը հետեւէին իրենց հրամանատարին՝ ընկեր Յարութ Բանոյեանի հրահանգներուն եւ անսակարկ նուիրումով կը ծառայէին։
Յակոբն ու Մոսիկը իրենց մատաղ կեանքը հայրենիքին համար զոհաբերելով արժանացան Հայաստանի Հանրապետութեան «Արիութեան մետալ»ին։
Այո, դուք հասաք ձեր նպատակին, պայքարի անշեղ ճամբայ մը բանալով հայ երիտասարդութեան դիմաց, պատգամելով որ արդարութիւնը չի նուիրուիր որեւէ ազգի, արդարութիւնը կը նուաճուի պայքարով, գիտութեամբ, միտքով, կամքով, դիւանագիտութեամբ ու զէնքով։ Անվհատ պայքարը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի, որովհետեւ յարափոփոխ պայմաններու մէջ ձեր եւ բոլոր հայ նահատակներուն արեամբ սրբացած հայրենի հողը մեր սերունդները պիտի չյանձնեն ու պիտի չթողուն որ որեւէ մէկը յանձնէ թշնամիին։
Մեր ժողովուրդին արշալոյսը ձեր, Պետօներու, Թաթուլներու, Շահէններու եւ հազարաւոր հայ նահատակներու միաձուլուած արեան կանչով պիտի աւետենք, մեզ հպարտութիւն ներշնչող, հա՛յ ազատամարտիկներ։
Փառք ու պատիւ ձեր անմեռ յիշատակին։
«Գ.»