Արցախի ճարտարապետական յուշարձանները այսօր համաշխարհային համբաւ ու նշանակութիւն ձեռք բերած են:
Արցախ տուած է հանրայայտ քանդակագործներ եւ նկարիչներ: Նշանաւոր քանդակագործ եղած է Յակոբ Գիւրջեանը, որ Մոսկուա հրաւիրուած է Լենինի կիսանդրին քանդակելու համար: Նշանաւոր ժողովրդական նկարիչներ են՝ Ստեփան Աղաջանեան,Ստեփան Արտուչեան, Միքայէլ Արտուչեան եւ Սերկէյ Արտուչեան:
Ժամանակակից արցախցի քանդակագործներէն ամէնէն նշանաւորը Սարգիս Պաղտասարեանն է, որուն ստեղծագործած արձանները կը զարդարեն Երեւանի (Ա.Իսահակեան, Ս. Շահումեան), Ղափանի (Դաւիթ Բեկ), Դիոր-Շոպրոնին (Հունգարիա) ու այլ քաղաքներու փողոցները: Իր ստեղծագործութիւնն է նաեւ Ստեփանակերտի մուտքը զարդարող «Մենք ենք, մեր սարերը» իւրայատուկ տուֆակերտ քանդակը:
Արցախեան ծագում ունի նաեւ ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, որուն տաղանդով իրագործուած են Սարդարապատի յուշահամալիրը, Մայր Հայաստան կոթողը, Երեւանի գինիի գործարանի շէնքը եւ Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ հրաշագեղ յուշակամարներ՝ յուշարձաններ, ուղեցոյց կոթողներ եւ աղբիւր-յուշարձաններ:
Շուշի քաղաքի մէջ ծնած է  նաեւ մեծանուն ճարտարապետ Սամուէլ Սաֆարեանը:
Հայաստանի տարածքի  (13-րդ դար) ոչ մէկ շրջան այսքան ճարտարապետական-շինարարական թափ ու ծաւալ չէ ստացած որքան Արցախի մէջ: Անոր արգասիքը դէպի երկինք խոյացած վանքերն ու եկեղեցիներն են, զմայլելի խաչքարերն ու վեհաշուք որմանկարները: Յիշենք, որ  Հաւապատկի Վանքը (1163 թ.), Վաղուհասի Տիրամօր վանքը (1184 թ.), Խաթրավանքը (1204 թ.), Կարմիր եկեղեցին (1221 թ.), Մորոյ Ձորոյ (1213 թ.),  Ծառայ Ս. Աստուածածնի (1301 թ.):
Արցախի եւ ամբողջ հայոց ճարտարապետութեան փառքը կը կազմեն Գանձասարի, Դադի, Խորնաշատի, Նոր Գետիկի, Նոր Վարագայ, Ս.Նշան, Կիրանց ու Մակարավանքի համալիրները, որոնք միեւնոյն ժամանակ կը հանդիսանան հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոններ:
Ճարտարապետական տեսանկիւնէ մեծ արժէք կը ներկայացնէ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ մայր տաճարը, որը Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ջանքերով վերանորոգուեցաւ:
Որպէս առանձնայատկութիւն  Արցախի ճարտարապետութեան հետ սերտ կապուած է քանդակագործութեան արուեստը, որուն գեղեցիկ մէկ  օրինակն է «Գանձասար»ի վանքը (Կառուցուած է 1216-1238 թ.): Տաճարի որմերու արտաքին մակերեսի վրայ պատկերազարդուած  են աստուածաշնչական  պատկերներ՝ «Մեղսագործութիւնը» , «Յիսուսը», «Աստուածամայրը մանկան հետ» եւայլն: Իր շքամուտքի վերի բաժնի վրայ գտնուող՝ Ս. Խաչը եւ խաչելութեան քանդակը, տաճարի ընտիր զարդերէն մէկն է: Գմբէթը ունի բեկուող կողերով բրգահովհարաձեւ լուծում, որը կը ստեղծէ խորութիւններու եւ լուսաստուերներու հետաքրքրական ռիթմ:
Գեղարուեստի կատարելութիւն հանդիսացող այս յուշարձանը գրաւած է մասնագէտներու ուշադրութիւնը: Սորպոնի համալսարանի պրոֆէսոր Շարլ Դիլը, հիանալով  հայ ժողովուրդի ճարտարապետութեան գեղեցկութեան վրայ եւ  մատնանշելով Գանձասարի վանքը կ’ըսէ. «Այդ կոթողը ճարտարապետութեան մարգրիտ է»:
Արցախի վարպետներու ձեռամբ քանդակուած խաչքարերը, հայկական արուեստի ամենաինքնատիպ արտայայտութիւնն են:
Արցախը բացի եկեղեցական շինութիւններէ, հարուստ է նաեւ հայկական հնագոյն ճարտարապետութեան այլ կոթողներով, կամուրջներով, բերդերով, պարիսպներով, ապարանքներով, ջրաղացներով: Բոլորն ալ զուտ հայկական են, ինչ որ անհերքելի փաստերով կ’ապացուցէ այդ կոթողներու վրայ գտնուող Մեսրոպատառ արձանագրութիւնները, օտարազգի եւ հայ պատմիչներու հաւաստի աղբիւրները:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան