Արցախի ԱԳՆ ղեկավար Մասիս Մայիլեան նամակ յղած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէին.
«19 Նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան նամակ յղած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէին ` ատրպէյճանական կողմի իրականացուցած` հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու պղծման փաստերու եւ վանտալիզմի շարժումներու առնչութեամբ:
Նամակին մէջ յիշուած է, որ 27 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած զինեալ արարքին հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան տարածքի զգալի մասը, ուր տեղակայուած են հայկական ժառանգութեան բազմաթիւ մշակութային յուշարձաններ, յայտնուած է Ատրպէյճանի ռազմական տիրապետութեան տակ:
Արտաքին գործոց նախարարը ուշադրութեան հրաւիրած է, որ համացանցի մէջ շրջանառուած են տեսագրութիւններ եւ լուսանկարներ, ուր երեւած են Շուշի քաղաքի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ պատերուն ատրպէյճաներէն գրութիւններ: Քանդուած են եկեղեցւոյ կազմութեան մասը կազմող քանդակներ, վնասուած են անմիջապէս եկեղեցւոյ մէջ գտնուող արհեստական վիճակի իրերը: Գործուն ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ատրպէյճանական զինեալ ուժերը անօդաչու թռչող սարքէն երկու անգամ կանխամտածուած հարուած հասցուցած են եկեղեցւոյ վրայ: Յարձակման հետեւանքով լուրջ վնասներ հասցած են եկեղեցիին: Երկրորդ հարուածի ժամանակ վիրաւորուած են լրագրողներ, որոնք եկեղեցւոյ մէջ էին` առաջին հարուածի հետեւանքները փաստագրելու նպատակով»:
Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան գոյութեան ժխտումը եւ անոր ոչնչացումը արդէն ձեւաչափ կը հանդիսանան Ատրպէյճանի եւ հայերու նկատմամբ ատելութիւն ու այլատեացութիւն սերմանելու պետական քաղաքականութեան մաս կազմած են: Ատրպէյճանի ռազմական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ տեղակայուած հայկական ժառանգութեան մշակութային յուշարձաններու ոչնչացման սպառնալիքի առնչուեթամբ նախարար Մայիլեան ընդգծած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնակելու անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու հայկական պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը եւ երաշխաւորելու Ատրպէյճանի կողմէն այլ ժողովուրդների մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը»։