19 Նոյեմբերին համացանցի վրայ հասանելի է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 11-րդ համարը: Բնականաբար համարի նիւթերուն մեծ մասը նուիրուած է պատերազմին եւ անոր հետ առնչուող իրադարձութիւններուն: Համարի «Հարցազրոյց» խորագիրին ներքոյ հրապարակուած է Պէյրութի «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին հետ: Ծաւալուն հարցազրոյցի մէջ Յակոբ Խաչերեան անդրադարձած է պատերազմին եւ անոր նախորդող ու յաջորդող իրադարձութիւններուն` մանրամասնութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով ՀՀ իշխանութեան ու մասնաւորապէս երկրի վարչապետի քայլերուն մասին: Միաժամանակ լուսաբանուած է յիշեալ ժամանակահատուածին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ողջ կուսակցութեան գործունէութիւնը` ուղղուած պատերազմի մէջ գտնուող հայրենիքին համակողմանի աջակցութեան: Ինչպէս նշուեցաւ հարցազրոյցի ընթացքին ներկայացուած են բաւականին մանրամասնութիւններ ու գնահատականներ խնդրոյ առարկայ յայտնի իրադարձութիւններուն մասին եւ վստահ ենք, որ ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կը կարդայ:
Պաշտօնաթերթը կը ներկայացնէ նաեւ պատերազմի սկսելէն ժամեր անց Երեւանի մէջ, Արամ Մանուկեանի արձանին դիմաց տեղի ունեցած ՀՅԴ կամաւորներու համախմբման ժամանակ, «Կամաւորական շարժում» ՀԿ նախագահ Հրանդ Մարգարեանին ելոյթը: Այս ելոյթով, ըստ էութեան արտայայտելով կուսակցութեան դիրքորոշումը Հրանդ Մարգարեան յայտարարեց, որ այդ պահէն սկսեալ քաղաքական բոլոր տարաձայնութիւնները մէկ կողմ դրուած են, յանուն թշնամիին դէմ ազգային միասնականութեան ապահովման: Դաշնակցական կամաւորներու կազմակերպութեան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց, որ ՀՅԴ կամաւորականներու առաջին վաշտը այդ պահուն մեկնած է պատերազմի դաշտ, իսկ անոր կը հետեւին միւս վաշտերը:
Պաշտօնաթերթի սոյն համարով զետեղուած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի 12 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ըսուած է, որ ՀՀ Վարչապետի ստորագրած խաղաղութեան հաստատման մասին յայտարարութիւնը պարտուողական ու նուաստացուցիչ փաստաթուղթ ըլլալով ոչ միայն. «Մեծագոյն յանցագործութիւն է հայրենիքի եւ ողջ հայ ազգի շահերուն, իղձերուն եւ նպատակներուն նկատմամբ, այլ նաեւ միանշանակօրէն վտանգած եւ ոտնահարած է հայ ժողովուրդի ներկայ եւ գալիք սերունդներուն` անկախ, անվտանգ եւ զարգացող երկրի մէջ ապրելու եւ արժանապատիւ ապագայ կառուցելու բացարձակ իրաւունքը»: Այս յայտարարութեամբ ՀՅԴ բարձրագոյն ղեկավար մարմինը բարձրացնած է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի հարցը:
Դրօշակը կը ներկայացնէ յօդուածներ, ուր պատերազմի թէժ շրջանի մէջ արտացոլուած են Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Ֆրանսայի քաղաքական պաշտօնական շրջանակներու դիրքորոշումները յիշեալ իրադարձութիւններուն մասին:
Վաչէ Բրուտեան քննելով նորանկախ Հայաստանի քաղաքական եւ գաղափարական հենքի հարցը ցաւով նշած է, որ անցեալի ուսանելի փորձը ներկայի իրարայաջորդ կառավարողները չփորձեցին ուսումնասիրել եւ իւրացնել ու այդ ճանապարհին մնացին վտանգաւոր խարխափումներու մէջ:
Անցեալի դասերում առումով ուշագրաւ զուգահեռներ կը ներկայացնէ պատմաբան Անի Մելքոնեան` անդրադառնալով 1920 թուականի ճիշդ այս նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի դէմ ձեռնարկուած թրքական միջամտութեան:
Դրօշակի ընթերցողը պաշտօնաթերթի ներկայ համարին մէջ կը գտնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս:
Ներբեռնել համարը դրօշակ թիւ 11 2020