19 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ մարդիկ փողոցներ փակած են:
Խումբ մը ՀՅԴ երիտասարդներ փակած էին դէպի Հանրապետութեան հրապարակ տանող Ամիրեան-մաշտոց խաչմերուկը: Հոն, երբ ցուցարարները պատ կազմած էին, 88fu988 համարանիշով ինքնաշարը փորձեց ճանապարհը շարունակել` ճեղքելով ցուցարարներուն կազմած պատը, եւ վրայ երթի ենթարկեց ցոյցի մասնակից երիտասարդ աղջկայ մը: Ան մեքենայի հարուածէն գետին ինկաւ: Քանի մը վայրկեան յետոյ ոտքի կանգնեցաւ եւ շարունակեց ցոյցը: Աղջիկը յայտնեց, որ ինքզինքը լաւ կը զգայ եւ չ’ուզեր բժշկի դիմել․«Բուժօգնութեան կարիք չկայ, ոչ մէկ սարսափելի բան կայ, յանուն հայրենիքի ցոյց կ’ընեմ, յանուն իմ Արցախին կ’ընեմ: Ես արցախցի եմ, ես իմ տունս կ’ուզեմ Արցախի մէջ, որովհետեւ մեքենան կ’ուզէ` ինծի տակը առնէ, ես իմ տունս դաւաճան Նիկոլէն կ’ուզեմ»: Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ վրաերթի ենթարկած վարորդը յայտնաբերուած է: Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է․«Համացանցի մէջ տեսանիւթ տարածուած էր, որուն մէջ յստակ էր, թէ ինչպէս ինքնաշարժի վարորդը ճանապարհը արգելափակած ցուցարարներէն մէկուն վրաերթի ենթարկած է: Հրապարակումէն անմիջապէս վերջ ոստիկանութեան ծառայողները անյետաձգելի նախաձեռնութիւններ ձեռնարկած են ինքնաշարժն ու վարորդը յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Ինքնաշարժի 27-ամեայ վարորդը յայտնաբերուած է եւ ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժինին մէջ կը գտնուի, իսկ ինքնաշարաժը` բաժինի պահպանուող յատուկ տարածքին մէջ: