Ֆրանսայի ՀՀ դեսպանութիւնը յայտնեց, որ «Le Figaro Magazine» հանդէսին մէջ հրապարակուած է ֆրանսացի 120 նշանաւոր մշակութային գործիչներու եւ մտաւորականներու կոչը՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։ Այս մասին աւ յայտէ «Երկիր»ը։
Կոչին միացածներու կարգին են աշխարհահռչակ դերասաններ Ալեն Տըլոնը, Քլաուտիա Կարտինալէն, Ժան Ռենոն, Ֆանի Արտանը, Տանի Պունը, Ժուլիէթ Պինոշը, Փիեռ Ռիշարը, Ժան Տիւժարտէնը, հանրածանօթ մտաւորականներ Ժակ Աթալին, Պեռնար-Անրի Լեւին, համաշխարհային ճանաչում ունեցող ռեժիսորներ Կոստա-Քաւրասը, Քլոտ Լելուշը, Միշէլ Հազանավիչուսը, նշանաւոր հեռուստատեսային գործիչ Ստեֆան Պեռնը և աշխարհառչակ խոհարար Ալեն Տիւ կասը։

«Օսմանեան կայսրութեան պարագլուխներուն կողմէ ոճրագործուած 1915թ․ Հայոց ցեղասպանութենէն աւելի քան մէկ դար անց, հայ ժողովուրդը վերստին երկու բռնապետութիւններու զոհ դարձած է, քանի որ ինչպէս Պաքուն, այնպէս ալ Անգարան հայերու հանդէպ ատելութիւն կը բորբոքեն՝ իւրաքանչիւրը իր բացարձակ իշխանութիւնը նոր արիւնալի աւարով ամրապնդելու համար։ Հայերուն ճակատագիրը վայրագօրէն խեղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որ անոնք Արցախ կ՛անուանեն։ Աւելի քան երկու հազարամեակ այս հողին վրայ կ՛ապրին հեզ և հպարտ մարդիկ , որոնք ամուր կառչած են իրենց քարքարոտ և սքանչելի հողին։ Այդ մարդիկ կը ցանկային իրենց գոյութիւնը շարունակել այն հողին վրայ, որտեղ անառիկ լեռներու սրտին , դառն քրտինքով մշակուած հովիտներուն մէջ անոնց նախնինները ապրած են, տուներ, դպրոցներ ու հրաշագեղ վանքեր կառուցած», ըսուած է կոչին մէջ:
Մշակութային գործիչներն ու մտավորականները նշած են, որ մարդկային արժանապատուութենէ զուրկ Ռեճէպ Թայիպ Էրդողանի Թուրքիան և Իլհամ Ալիևի Ատրպէյճանը կատաղի չարձակում գործած են արցախահայերու դէմ՝ անոնց օրինական ձգտումը փոշիացնելու համար։

«Հայերուն համար Լեռնային Ղարաբաղը նախ և առաջ ժողովուրդ է՝ իր բազմադարեայ մշակոյթով, երաժշտութեամբ, պարարուեստով, որ կը ձգտի աշխարհի քայլքին միանալ և ազատիլ իրեն պարտադրուած անկլաւային կարգավիճակէն։ Հակադարձ կերպով Պաքուի և Անգարայի իշխանութիւններուն համար Արցախը սոսկ տարածք է, ուր պէտք է ամէն գնով ծածանի իր դրօշը, և այդ նպատակին կը ծառայեն Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայինները, հակամարտութեան գօտիին քաղաքացիական բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար Թուրքիայէն ուղարկուած մեծաթիւ մարդասպան անօդաչու սարքերը և ջիհատիստ վարձկանները։ Արդէն իսկ ապացուցուած է, որ Ատրպէյճան Արցախի մէջ օգտագործած է քիմիական ռումբեր, որոնք արգիլուած են միջազգային իրաւունքով։ Սա միանգամայն անհաւասար պատերազմ եղած է»,- նշած են մտաւորականները:
Կոչին մէջ ըսուած է, որ հայերը այդ պատերազմը չեն ուզած, պատերազմը անոնց պարտադրուած է, եւ անոնք պայքար մղած են՝ յանուն իրենց գոյութեան, իսկ ատրպէյճանական բռնապետութեան համար այս պատերազմը սոսկ ազգայնական փառասիրութեան հարց եղած է։
«Ատրպէյճանի նախագահը պարզ և յստակ կերպով ցոյց տուած էր իր մտադրութիւնները, երբ Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակումին առաջին օրերուն յայտարարած էր․ «Մենք անոնց շուներու պէս կը վռնտենք»։ Ան նոյն այդ նախադասութիւնը կրկնեց Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան արտաքսման պատճառ դառնալէն յետոյ՝ յայտարարելով, որ հպարտ է, որ իրագործած է իր զարհուրելի խոստումը։ XXI-րդ դարուն մարդու հանդէպ այսօրինակ ատելութիւնը, ատելութեան նմանօրինակ պոռթկումը խորապէս վրդովմունք կը յառաջացնէ, որ բացարձակապէս չի կրնար տեղ գտնել ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Ահա թէ ինչու ես կը սատարեմ Հայաստանին, ես կը սատարեմ Արցախին»,- եզրափակած են կոչին հեղինակները:
Մշակութային գործիչներն ու մտաւորականները յայտնածեն, որ մարդկային արժանապատ զուրկ Ռեճէպ Թայիպ Էրդողանի Թուրքիան և Իլհամ Ալիևի Ատրպէյճանը կատաղի յարձակում գործած են արցախահայերու դէմ՝ անոնց օրինական ձգտումը փոշիացնելու համար։
«Հայերուն համար Լեռնային Ղարաբաղը նախ և առաջ ժողովուրդ է՝ իր բազմադարեայ մշակոյթով, երաժշտութեամբ, պարարուեստով, որ կը ձգտի աշխարհի քայլքին միանալ և ազատիլ իրեն պարտադրուած անկլաւային կարգավիճակէն։ Հակադարձ կերպով Պաքուի և Անգարայի իշխանութիւններուն համար Արցախը սոսկ տարածք է, ուր պէտք է ամէն գնով ծածանի Ատրպէյճանի դրօշը, և այդ նպատակին ծառայեցին Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայինները, հակամարտութեան գօտիին քաղաքացիական բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար Թուրքիայէն ուղարկուած մեծաթիւ մարդասպան անօդաչու սարքերը և ճիհատիստ վարձկանները։ Արդէն իսկ ապացուցուած է, որ Ատրպէյճանը Արցախի մէջ օգտագործած է քասետային ռումբեր, որոնք արգիլուած են միջազգային իրաւունքով։ Սա միանգամայն անհաւասար պատերազմ եղած է»,- նշած են մտաւորականները:

Կոչին մէջ կը շեշտուի, որ հայերը այդ պատերազմը չեն ուզած, պատերազմը իրենց պարտադրուած է, և անոնք պայքար մղած են՝ յանուն իրենց գոյութեան, իսկ ատրպէյճանական բռնապետութեան համար այս պատերազմը սոսկ ազգայնական փառասիրութեան հարց եղած է։