«Նոր Յառաջ».-Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնեց, թէ 9 Նոյեմբերի գիշերը ստորագրուած հրադադարը չի լուծեր Լեռնային Ղարաբաղի հայոց հարցը, ուրեմն պէտք է շարունակուի զօրաշարժը:

Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը իր անսահման երախտագիտութիւնը կը յայտնէ հայկական դիմադրականութեան բոլոր մարտիկներուն, որոնք՝ ուժերու աղաղակող անհաւասարութեան պայմաններուն մէջ, վճռակամօրէն դէմ դրին թշնամիին յարձակումներուն եւ պահպանեցին հայաբնակ հողերը: Նոյն ժամանակ, յանձնախումբը կը դատապարտէ ոճրագործ կրաւորականութիւնը արեւմտեան գերտէրութիւններուն, որոնք թոյլ տուին, որ աատրպէյճա-թրքական դաշինքը պարտադրէ իր օրէնքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործէ պատերազմական ոճիրներ, որոնք հաստատուեցան եւ ապացուցուեցան: Ըստ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբին ատրպէյճանական բանակի շարքերուն մէջ ճիհատականներու ներկայութիւնը պէտք է ոչ միայն դատապարտութեան արժանանար, այլ նաեւ՝ պայքար մղուէր: Ակներեւ դարձաւ, որ բռնապետութիւնները աւելի հզօր են քան ժողովրդավարական վարչակարգերը, եւ հայ բնակչութիւնները լքուեցան իրենց ճակատագիրին, ինչպէս 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Ինչ կը վերաբերի հրադադարին՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաստատէ, որ անիկա ընդունուեցաւ ռազմական սպառնալիքի պայմաններու տակ, ի հակադրումն Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման՝ Մինսքի խումբի հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք կը բացառեն բռնութիւնը: Այդ առումով՝ այս փաստաթուղթը հիմնական թերութիւն մը ունի:
Այս ամբողջին լոյսին տակ, Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ժողովրդավար երկիրներուն, որոնք լքեցին հայկական բնակչութիւնները, իրենց մեղքը քաւելով՝ ճանչնալու Արցախի կառավարութեան օրինականութիւնը: Նախ եւ առաջ, անմիջապէս կը դիմէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որ ճանչնան Արցախի Հանրապետութիւնը, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեն անոր իշխանութիւններուն հետ եւ ապահովեն Ստեփանակերտի մէջ հիւպատոսական ներկայութիւն: Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն՝ շուտով արձագանգելու երեսփոխաններ Կի Թեսիէի եւ Ֆրանսուա Փիւփոնիի՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձեւին: