ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրառում կատարած է` անդրադառնալով Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի շարք մը անդամներուն բերման ենթարկուելուն:
«Քիչ առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան շարք մը անդամներ Գերագոյն գլխաւոր խելագարի հրամանով Հանրապետութեան Հրապարակէն բերման ենթարկուեցան , որովհետեւ կը ցանկային Հանրապետութեան հրապարակին մէջ բարձրացնել, ծածանել ՀՀ Եռագոյնը:
Նիկո՛լ, մեր երիտասարդները միշտ բարձր պահած են եւ բարձր պիտի պահեն Հայոց Եռագոյնը: Իսկ դուն կրկին նետեցիր գետին:
Պատասխան պիտի տաս. Հեռացի՛ր անցնցում»,գրած է Սաղաթէլեան: