«Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  յուշարձաններու եւ սրբավայրերու պաշտպանութեան հարցը շատ կարեւոր է, եւ այստեղ մեծապէս պահանջուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ներգրաւումը:
Ըստ «ՌԻԱ Նովըսթի»ի՝ այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան վերաբերեալ խորհրդակցութեան ընթացքին:
«Յատուկ կերպով կ՛ուզեմ խօսիլ պատմական յուշարձաններու եւ կրօնական սրբավայրերու, ընդ որում` թէ՛ հայկական, թէ՛ ատրպէյճանական յուշարձաններու պաշտպանութեան մասին: Այս հարցը ունի կարեւոր մարդկային ու բարոյական չափանիշ: Կը կարծեմ, թէ այստեղ մեծապէս պահանջուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ներգրաւուումը: Յոյս ունինք, որ ԻՒՈՒՆԻՍԵՖ-ը եւս պիտի օգնէ երեխաներուն եւ դեռահասներուն, որոնք յատկապէս անպաշտպան են ռազմական հակամարտութիւններու սարսափներուն առջեւ», ըսաւ Փութին։
Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յանձնարարութիւններ ունի այդ բոլորին նկատմամբ: