«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին շուրջ վերջին հրապարակային քննարկումները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն սադրիչ յայտարարութիւնները կը վերահաստատեն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ Թուրքիոյ եւ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող միջազգային ահաբեկիչներուն մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ մեր հանրապետութեան դէմ զինուած յարձակումին պատճառաւ ստեղծուած իրավիճակէն ելքի առաւել բարենպաստ եւ արդիւնաւէտ ուղի: Այս մասին յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան` անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակի հարցին:
Ըստ նախարարին՝ Ատրպէյճանի կողմէ բարձրագոյն մակարդակով հնչեցուած կտրուկ հրաժարումը Արցախի կարգավիճակի հարցի քննարկումէն կը վերացնէ այլ պետութիւններու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը խանգարող որեւէ խոչընդոտ. անկախութեան, որ մեր ժողովուրդին կողմէ իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իրականացման արդիւնքն է: «Եթէ նախապէս պետութիւնները ձեռնպահ կը մնային ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը`  ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը խանգարելու մտավախութեամբ, ապա Արցախի դէմ զինուած յարձակումէն, անոր տարածքներուն զգալի մէկ մասին գրաւումով եւ կարգավիճակի հարցը քննարկելու Պաքուի հրապարակային հրաժարումէպ վերջ այդ մտավախութիւնները կորսնցուցին իրենց արդիականութիւնը:
«Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը եւ միջազգային իրաւաառարկայական ձեռքբերումը կարեւորագոյն պայմաններ պիտի ստեղծեն հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով վերականգնելու համար: Միջազգային հանրութիւնը իրաւունք չունի համակերպուելու իրավիճակին հետ, որ  երկու ամբողջատիրական եւ ցեղասպան պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկիչներուն դաշինքի զինեալ յարձակումին արդիւնքն է, որոնց գործողութիւնները չեն տեղաւորուիր քաղաքակիրթ աշխարհի իրաւական եւ բարոյական ձեւաչափերուն մէջ», յայտնեց Մասիս Մայիլեան: