Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ 3 հրամանագիրներ հրապարակեց, ըստ որոնց հանգուցեալ նախարար Ուալիտ Մուալլէմի մահանալէն ետք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար նշանակուեցաւ դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար նշանակուեցաւ դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի, իսկ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց նշանակուեցաւ Պասսամ Սապպաղ։
Յիշենք, որ Մըքտատ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարն էր, Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնացն էր, իսկ Սապպաղ Լահայի քիմիական զէնքերու կանխարգիլման կազմակերպութեան մէջ Սուրիոյ բանագնացն էր։