«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 25 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆերի (ԱՄՆ) հետ:
Նախարար Այվազեան ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի հաստատման եւ Արցախի մէջ խաղաղապահներուն տեղակայման կարեւորութիւնը:
ՀՀ ԱԳ նախարարը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները անդրադարձած են   Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն արցախահայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման` շեշտելով միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններուն տեղւոյն ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը:
ԱԳ նախարարը ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան` որպէս միջնորդութեան միջազգային հովանաւոր ունեցող միակ ձեւաչափի շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ԼՂ խաղաղ գործընթացին վերաբերող հարցերուն եւ համանախագահներուն յառաջիկայ ժամանակացոյցին շուրջ: