Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Հասան Ղապպաշ հաստատեց, որ մինչեւ  օրս պսակաձեւ ժահրի համաճարակին համար  հաստատութիւնները փակելու եւ բնակչութեան շրջագայութիւնը արգիլելու  որոշում չկայ: Ան շեշտեց, որ երբ պսակաձեւ ժահրի երկրորդ ալիքը Սուրիոյ մէջ սաստկանայ,  հաստատութիւններու փակումը երկրի տնտեսութեան վրայ վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Ղապպաշ «Ուաթան Օնլայն»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածման եղանակներուն կը հետեւինք: Վարակուածներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ: Ժողովուրդը պէտք է գիտակից ըլլայ եւ նախազգուշանայ նախքան երկրորդ ալիքի սաստկացումը, այդ ատեն նոյնիսկ նախազգուշանալը ապարդիւն կ’ըլլայ»: