ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդի առցանց ժողովին յայտնեց, որ Սուրիոյ հակառակորդ պետութիւններ, յատկապէս ԱՄՆ եւ Թուրքիա, կը շարունակեն զօրակցիլ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ թալանել Սուրիոյ ժողովուրդին պատկանող հանքերն ու այլ հարստութիւնները:
Ճաաֆարի դիտել տուաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու երկիր վերադարձը կարեւոր քայլ մըն է Սուրիոյ եւ անոր դաշնակից երկիրներու տագնապի լուծման եւ խաղաղութեան ու ապահովութեան հաստատման  քաղաքական ջանքերուն շրջագիծին մէջ:
Ապա շեշտեց, որ «Կարգ մը երկիրներ սուրիական տագնապը երկարաձգելու նպատակով, խափանել փորձեցին սուրիացի տեղահանուածներուն երկիր վերադարձի խորհրդաժողովը»։