Արցախի դարպասը փակուելուն հետ, հայ քաղաքական միտքը արցախահայութեան,Հայաստանի ժողովուրդին դիմագրաւած աղէտալի դժուարութիւնները յաղթահարելու կարող քաղաքական ուժերու պահանջքը պէտք է բարձրացնէ առանց յապաղումի։
Ժամանակը հասած է վերջ տալու ժողովրդավարութիւն քարոզող, բայց ցուցարարներ բանտարկող, տնտեսական բարելաւումներ խոստացող, բայց միայն գողեր բռնելու յանկերգով ժողովուրդը օրորող, յաղթանակ շեփորող, բայց ժողովուրդը պարտութեան առաջնորդող ղեկավարներու անպատասխանատու ընթացքին։
Որեւէ իշխանութիւն եթէ երկրին ու ժողովուրդին շահերը մինչեւ վերջ պաշտպանելու, պատերազմին հետեւանքները կրելու եւ սխալները սրբագրելու յանդգնութիւնը չունի, տապալումի կ’առաջնորդէ երկիրն ու ազգը։
Արցախը յանձնելու պարտուողական քաղաքականութիւնը հետեւանք չէր մէկուկէս ամսուան պատերազմական վիճակին միայն։ Ան հետեւանք էր նաեւ պայքարելու ունակութեան թուլացումին, ազգային արժէքները արհամարհելուն, ժողովուրդին միասնականութիւնը քայքայելուն, երկրի զինուորական կարելիութիւնները համատեղ ուժերով չզարգացնելուն, դիւանագիտական ճկունութեան չգոյութեան եւ համահայկական մեր կարելիութիւնները մէկտեղելու դանդաղ ու տատամսոտ քայլերուն։
Այս քաղաքականութեան շարունակութիւնը կը դրսեւորուի, երբ իշխող ուժեր ականջ եւ աչք կը փակեն հնչող այլ կարծիքի դիմաց։ Կը քաջալերեն մենատիրութիւնը եւ բռնի ուժով ցրել կը փորձեն բողոքի արդար ձայն բարձրացնողներն անգամ։ Սա Հայաստանի վայել գործելաոճ չէ։ Պատմութիւն կերտած, թագաւորութիւններ հաստատած մեր ժողովուրդը խեղճացման առաջնորդելը խոհեմութիւն չէ։ Մեր պատմութիւնը մեզ առաջնորդող ուժն է վերջապէս, հոն, իւրաքանչիւր էջի վրայ արձանագրուած են մեր յաղթանակի եւ պարտութեան դասերը, ընթերցե՞լ ալ չենք գիտեր։
Մարտունակութիւնը միայն պատերազմի դաշտին վրայ չի կիրարկուիր, մարտունակութիւնը կը կիրարկուի նաեւ քաղաքական դաշտին վրայ, կեցուածքներու, մօտեցումներու, քաղաքական ճկունութեան առկայութեամբ։
Հայաստանը այն երկիրը չէ, ու պիտի չըլլայ, որուն իշխանութիւնները  անձնատուր ըլլան առաջին փորձութեան դիմաց ու յանձնեն մեր հերոսներուն տարիներու ընթացքին թափած արեան գնով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը։
Հայաստանը այն երկիրը չէ, ու պիտի չըլլայ, որուն իշխանութիւնները հացադուլի դիմող իրենց քաղաքացիներուն ցաւն ու ընդվզումը պիտի չկարենան ըմբռնել ու աթոռակռիւի անհեթեթութեամբ նսեմացնել փորձեն հնչող իւրաքանչիւր ազատ ձայն, որ Հայաստանի գալիքին համար կը բարձրանայ, մեր գաղթական դարձած ժողովուրդին տագնապին լուծում որոնելու, անոր տունն ու տեղը վերադարձնելու, ապահով կեանքը պաշտպանելու համար մարտահրաւէր կը նետէ իշխանութիւններուն դիմաց։
Մեր պայքարը միայն պատերազմի դաշտին վրայ պիտի չտարուի, պիտի տարուի նաեւ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, որպէսզի պատմութեան սխալները չկրկնուին, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը չպառակտուին ու թշնամին մեր թերութիւններէն չօգտուի։
Պատերազմի թոհոբոհէն ետք, անոր հետեւանքները փարատելու, վճռակամութեամբ ու ճկունութեամբ բանակցութիւններ վարելու  ղեկավարներ, մտաւորականներ հրապարակ իջնելու են այլեւս։ Կրաւորականութիւնն ու նեղ հաշիւները կործանումի պիտի առաջնորդեն մեր ազգը։ Տարածաշրջանին մէջ ուժի վերածուելու, կտրուկ խօսք ունենալու համար անհրաժեշտ է կրկին ամրացնել մեր ներքին ճակատը, վերականգնել ժողովուրդին վստահութիւնը, հաւատքը, յոյսը։ Պարտութիւնները կը թելադրեն քննել անոնց տուն տուող պատճառները, վերացնել զանոնք աստիճանաբար ու փութալ կարելին փրկելու եւ մեր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը բարձր պահելու։
Պաշտօնները գնայուն են, ժողովուրդն ու հայրենիքը պէտք է պաշտպանել ամէն գնով, հրաժարելով նոյնիսկ պաշտօններէ, եթէ ղեկավար մարմինները չեն արդարացուցած այդ պաշտօններն ու պարտութեան առաջնորդած են երկիրն ու ժողովուրդը։
Պատմական պահը պատասխանատուութիւն կը թելադրէ։ Անհրաժեշտ է կարենալ յաղթահարել «Ես»ը ու գործել «Մենք»ի տրամաբանութեամբ։ Այս տրամաբանութեամբ գործող ղեկավարներու կարիք ունի մեր հայրենիքը։ Գաղթական դարձած, անյայտ կորած արցախահայութեան բեկորները մեր բոլորին օժանդակութեան կարիք ունին։ Զիրար մտիկ ընելու յանդգնութիւնը  առաջին քայլը պիտի ըլլայ բազմապիսի դժուարութիւններու յաղթահարման ու յոյսի վերածնունդին։
Հացադուլի դիմող հայաստանի քաղաքացիները վճռական քայլերու կը սպասեն՝ անտեսելով իրենց առողջութիւնն ու կեանքն անգամ։
Ականջ տուող կա՞յ…։
«Գ.»