«Քե՛զի՝
    Ինծմէ 46 սերունդ յետոյ եկող, զաւակս Հայկեան,
Ես մեր պատմութեան ամէնէն երջանիկ եւ ամէնէն դժբախտ մարդն եմ։
Կեանքս հիւսուեցաւ մեր պատմութեան ամէնէն խրոխտ դրուագով, Ոսկեդարով։
Խոնարհաբար ապրեցայ եռամեծ Սուրբերու՝ Մեսրոպի եւ Սահակի շուքին տակ
Մեր պատմութեան խոհեմագոյն արքային՝ Վռամշապուհի օրօք։
Տեսայ ամէնէն յուսալից երազային վերելքը մեր երկրին,
Բայց աւաղ, տեսայ նաեւ գահավէժ անկումը մեր թագաւորութեան
Անկար եւ յիմար Արտաշէս արքայի օրօք։
Տեսայ մեր երկրի կենաց եւ մահու օրերը՝
Վասն Հայրենեաց Կարմիր Վարդանի եւ 1036 հոգեհատոր զինուորներու նահատակուիլը։
Տեսայ պառակտումը իշխանաց տոհմերուն,
Տեսայ բզկտումը գահնամակին,
Տեսայ անմիաբանութիւնը անխոհեմ իշխանաց,
Տեսայ թունաւոր ատելութիւնը,
Տեսայ քայքայումը մեր վեհութիւններուն,
Տեսայ կորուստը մեր դիմադրական ուժերուն,
Տեսայ… փլուզումը մեր ինքնութեան խարիսխը հանդիսացող կառոյցներուն,
Տեսայ բաժանումը մեր երկրին,
Տեսայ հատուածումը Հայաստանի՝ հոգելլկումը ազգիս։
Լացի, ողբացի կորուստը մեր Հարստութեան։
Դասեր քաղեցի մեր իրականութենէն
Եւ ահա կու գամ քեզի ահազանգելու՝
     – Ճգնաժամային մռայլ եւ դժնդակ թոհ ու բոհին մէջ,
        Մտիկ ըրէ միմիա՛յն՝
        ժողովուրդի չխաթարուա՛ծ, անարա՛տ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ձայնին։
     – Քարոզներուն մէջ փնտռէ ազնիւը, մաքուրը, արդարը։
            -Ստաբոյր ձայները մրցումի կ’ելլեն եւ ջուրերուն երեսը կը ծփան։-
     – Հեռացի՛ր այն անհատներէն,
        Որոնք կը դաւանին իրականութեան ամենագէտը ըլլալ
         եւ ամպագորգոռ կը բարբաչեն։
Գիտցի՛ր՝
        Իրականութիւնը լափիւրընթոսային շշուկներու մէջ
        տատանուող նաւ է պարզապէս։
Զգո՜յշ…
    – Զրպարտութիւնները փառատենչութեան նպատակադրուած դրսեւորումներ են
    -Եսերը մաղձ կը ծորեն ամէն մէկ վանկէ։
    –  Սէրն ու ատելութիւնը դատողութիւնը կը մթագնեն։
    –  Տարակարծութիւնները մտիկ ըրէ, սորվէ՛, բայց ՄԻ՛ թշնամանար։
Գիտցի՛ր՝
    Տիոնիսըսի ճրագի վառելանիւթը սպառած է,
    Եւ արդարութիւնը մթութեան մէջ թաղուած է։
    Գտի՛ր վառելանիւթ մը եւ
        ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ։
Շեշտե՛մ՝
    Սայլերուն ետեւէն մի՛ քալեր,
    Եզները չե՛ն գիտեր թէ ուր կ’երթան։
Գիտցի՛ր՝
    Պլպլացող ՓԱՐՈՍ մը կայ որ դէպի ԿԱՅԱՆԸ կը մատնանշէ,
    Դէպի ա՛յդ ՓԱՐՈ՛ՍԸ գնա՝ ինքնավստա՛հ եւ աներկբա՛յ,
    Առա՛նց տատամսումի եւ մանաւանդ առա՛նց տուրք վճարելու։
 Ընտրէ ճանապարհդ դէպի ԿԱՅԱ՛Նը
    Որը ԳՈՅՈՒԹԵԱՆԴ ՄԻԱ՛Կ ԿՌՈՒԱՆն է։
Ա՛յս ալ գիտցիր՝
    Ներքին պառակտումը թշնամիիդ յաղթանակի գրաւականն է:
     – Մեր ամբողջ պատմութիւնը վկայ։-
Արդ՝
        Համախմբուէ՛, համախմբուէ՛, համախմբուէ՛…
        Բոլոր ուժերովդ եւ կարողականութեամբդ
        ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԷ՛  ԵՐԿՐԻ՛Ն ՇՈՒՐՋ,
        Ապագային տանող միա՛կ ճամբան, ա՛յդ է։
1546 տարի ետք,
        Ինչեր կու տայի, որ պարտաւոր չըլլաս կրկնելու սրտառուչ դառն խօսքս՝
                Ողբամ զքեզ Հայոց Աշխարհ։
        Այլ, ապագայի՛ն նայելով,
        խարսխուած հաւատքով, ըսես՝
                Պաշտեմ զքեզ՝ ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն ԱՇԽԱՐՀ
                                        ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՑԷԱԳՐՈՒԱԾ
 ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔ։»
Հրանդ Մարգարեան