Ծայր առաւ կրկին արցախեան պայքար
Հայրենիք սլացին արծիւք վեհափառ
Երամ-երամ անցան երկրի չորս ծագերէն
Իւր հոգւոյն մէջ վրէժն հեռու անցեալէն։
Հայոց բանակն իր հովանիին տակ
Ունեցաւ բազում կամաւորներ մարտունակ
Ուս-ուսի տուած այդ մարտիկներն արի
Կռիւ մղեցին վասն հողն հայրենի։
Եւ այդ արդար մարտին՝ իրենց կարգին
Բերիոյ տղաքն օգնութեան փութացին
Վճռական որոշումով տուն ու տեղ ձգած
Հայրենեաց կանչը անպատասխան չձգած։
Շուշիի բարձունքը պապենական ժառանգ
Թշնամիին նուէր մենք պիտի չտանք
Ուխտն իրենց հոգւոյն չձգելով անկատար
Զոհուեցան Մոսիկ, Յակոբ եւ Յարութ հրամանատար։
Սերունդներ ձեզ տարիներ պիտի յիշեն
Գրիչներ ձեր փառքը միշտ պիտի հիւսեն
Ընկերներ ձեզմով պիտի հպարտանան
Մարտիկներ ձեր օրինակով պիտի յառաջանան։
Քրիստ Խրոյեան