Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար՝ դոկտ. Ֆայսալ Մըքտատ երդման արարողութիւն կատարեց Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար ալ Ասատին դիմաց։
Յետ երդման արարողութեան, Ասատ շեշտեց Արտաքին Գործոց Նախարարութեան անհրաժեշտ դերը Սուրիոյ քաղաքական եւ դիւանագիտական պատերազմին դէմ պայքարին մէջ՝ Սուրիոյ մասին ապատեղեկատուութիւնները բացայայտելու, դաշնակից եւ բարեկամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ անոնց հետ գործակցութեան նոր հորիզոններ մշակելու ոլորտներուն մէջ։
Նախագահ Ասատ շեշտեց սփիւռքի մէջ սուրիացիներուն հետ հաղորդակցութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերադառնալու գծով լուրջ աշխատանքը։
Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս։