«Երկիր».- ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան` ի պատասխան «Արմենփրես» լրատուական գործակալութեան` իրանցի միջուկային ֆիզիքոս Մոհսէն Ֆախրիզատէի սպանութեան ներկայացուց Հայաստանի արձագանգը՝ դիտելտալով որ Հայաստան դատապարտած է բոլոր տեսակի ահաբեկչական գործողութիւնները տարածաշրջանին եւ ողջ աշխարհին մէջ:
«Մեր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած ենք յայտնի իրանցի գիտնական, ԻԻՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտպանական նորարարութիւններու եւ հետազօտութիւններու կազմակերպութեան ղեկավար Մոհսէն Ֆախրիզատէի սպանութեան առնչութեամբ: Հայաստանը կը դատապարտէ բոլոր տեսակի ահաբեկչական գործողութիւնները տարածաշրջանին եւ ողջ աշխարհին մէջ», ըսած է Աննա Նաղդալեան: