«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ աւարտած են Ատրպէյճանի տարածքին թուրք-ռուսական մշտադիտարկման կեդրոն հիմնելու շուրջ բանակցութիւնները: Ըստ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան, կողմերը  համապատասխան համաձայնագիր կնքած են:  Նշեալ տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Նշուած է, որ աշխատանք տարուած է կեդրոնի գործարկումը ամենակարճ ժամկէտին սկսելու համար: