Սուրիոյ խորհրդարանի երէկուան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան կրթական հարցեր, երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան կրթական կեանքի բարելաւման առնչուող հարցումներ ուղղեց Սուրիոյ կրթութեան նախարար Տարեմ ալ Թապաաին։
Ան նախ հարցուց, թէ ինչպիսի՞ ծրագրիներ որդեգրուած են աշակերտը զերծ կացուցանելու անգիր սորվելու սովորութենէն եւ զարկ տալու անոր երեւակայութեան ու քննական մտածողութեան։
Ապա հարցուց, թէ արդեօ՞ք սուրիական դպրոցները կարեւորութիւն կու տան արտադասարանային աշխատանքներու։
Երեսփոխանը հարցուց նաեւ, թէ վաղ մանկութեան հոգատարութիւնը որքանո՞վ նախարարութեան ուշադրութեան արժանացած է, կարեւոր համարելով մանկապարտէզներու դրոյթներուն պարտադիր ըլլլալը, որպէսզի մանուկին մօտ գերադաս դառնայ հայրենիքի պատկանելիութեան զգացումը՝ ընտանիքի, կրօնքի կամ շրջանի պատկանելիութենէն։ Երեսփոխան Իսկէնեան նախարարին ուշադրութեան յանձնեց նաեւ, որ Կրթութեան Նախարարութիւնը խոստացած էր ուսումնակրթական ծրագիրին մէջ կենցաղավարութեան առական ներառնել, հարց տալով թէ ե՞րբ գործնականապէս պիտի իրականանայ ան։ Եւ վերջապէս դոկտ. Լիւսի դիտել տուաւ, որ օտար լեզուները միջոցներ են արդի գիտութիւններուն ծանօթանալու համար, ուստի նախարարութիւնը ինչպիսի՞ քայլերու կը ձեռնարկէ օտար լեզուներու կիրարկման գծով։
Աւարտին, նախարարը հանգամանօրէն պատասխանեց երեսփոխանին ուղղած բոլոր հարցումներուն։