Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի խորհրդարանի օրինակին հետեւելով` Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը պատրաստուած է ընդունիլ բանաձեւ, ուր կը դատապարտէ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու աջակցութեամբ եւ օտարազգի վարձկաններու մասնակցութեամբ սանձազերծուած ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն կանխամտածուած յարձակումները եւ քասթեթային եւ ֆոսֆորային ռումբերուն կիրառումը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ողջունեն 2 Դեկտեմբերին Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձաժողովի կողմէն ընդունած բանաձեւը, որ յառաջիկային պիտի քննարկուի եւ ընդունուի խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին:
Բանաձեւը յստակօրէն կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանը եւ անոր սատարող թրքական ուժերն ու վարձկանները զօրքերը դուրս գան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն, որ նուաճուած է բռնի ուժի եւ բռնութեան գործադրմամբ: Բանաձեւի նախաբանին մէջ խօսուած է նաեւ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին, ուժի չկիրառման մասին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հիմնարար սկզբունքներ, եւ շեշտուած է, որ այդ սկզբունքները ոտնահարուած են Ատրպէյճանի կողմէն:
Քանի որ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ չէ նշուած Արցախի կարգավիճակին մասին, Պելճիքայի խորհրդարանը կոչ կ’ուղղէ երկրի կառավարութեան աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին ներքոյ բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսման, որ նպատակ կ’ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի մասին որոշում հաստատել, մասնաւորապէս նկատի առնելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Լիագումար նիստին բանաձեւի ընդունումէն վերջ Պելճիքայի կառավարութիւնը հարց կ’ունենայ պահանջելու Թուրքիայէն դադրեցնել ռազմական միջամտութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ անմիջապէս վերջ տալ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ապակայունացնող դիրքորոշման: Թուրքիան պէտք է նաեւ դադրի խթանել սուրիացի վարձկաններու եւ ճիհատականներու տեղափոխումը եւ տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ կազմակերպէ անոնց անյապաղ տեղահանումը տարածաշրջանէն: Ըստ բանաձեւին, Թուրքիոյ կողմէն որեւէ միջամտութիւն հրադադարի վարչակարգի պահպանումը դիտարկող առաքելութեան պիտի համարուի վտանգաւոր տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութեան համար: Որեւէ նման առաքելութիւն պէտք է ստանձնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ կ’ողջունեն այն փաստը, որ Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը դիմած է կառավարութեան` եւրոպական գործընկերներու հետ ընել մատչելի ամէն բան` նպաստելու համար Արցախի մէջ աւերուած կամ վնասուած շէնքերու վերակառուցման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան եւ զոհեր ունեցած եւ փախստական ընտանիքներուն: Կառավարութիւնը կ’աջակցի, որպէսզի UNESCO-ն առաքելութուն ուղարկէ ներկայիս ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի տարբեր շրջաններ` յանուն ճարտարապետական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման:
Բանաձեւը նաեւ կ’անդրադառնայ հրադադարէն վերջ հայկական հասարակութեան մէջ առկայ կարեւորագոյն հարցի մը` գերիներու վերադարձին: Ներկայացուցիչներու պալատը խստագոյնս կը դատապարտէ ռազմագերիներու սպանութեան փաստը եւ կը պահանջէ, որ պատերազմի յանցագործութիւններ իրականացնողները հետապնդուին եւ պատժուին: Բանաձեւով առաջարկուած է անյապաղ միջազգային դիտորդներ ուղարկել` ռազմական յանցագործութիւններուն` ռազմագերիներու խոշտանգումներուն եւ սպանութիւններուն մասին ապացոյցներ հաւաքելու նպատակով:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղած են Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի անդամներուն ընդունելու բանաձեւը գալիք լիագումար նիստի ընթացքին եւ հաւաստիացուցած, որ հետամուտ պիտի ըլլան, որպէսզի քուէարկուած դրոյթները կարելի եղած չափով արագ իրականացուին կառավարութեան կողմէն:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ
Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբ