Օրերս Մոսկուա մեկնած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի ԳՄ-ի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը:
«Փաստինֆօ»ի հարցումներուն կը պատասխանէ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Փ.»- Պարո՛ն Սաղաթէլեան, աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած էիք Մոսկուա: Ի՞նչ էր այցելութեան նպատակը, ինչպիսի՞ հանդիպումներ ունեցաք եւ ի՞նչ համաձայնութիւններ ձեռք բերուեցան:
Ի.Ս.- Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցանք Պետական տումայի պատգամաւոր, ՌԴ Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկումի ու հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ Զատուլինի հետ, հանդիպում ունեցանք ՌԴ քաղաքական տարբեր շրջանակներու հետ, նաեւ մոսկուայաբնակ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ: Շատ կարեւոր կը համարենք այս այցելութիւնը, իրենց մօտեցումներուն ծանօթացանք եւ մեր տեսակէտը ներկայացուցինք: Համաձայնութիւններ չգոյացան, եղան քննարկումներ, շարք մը հարցերու վրայ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք՝ սկսեալ ռազմագերիներու հարցէն, հասնելով Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
«Փ.»-Իսկ ի՞նչ պատասխանեցին, ռազմագերիների վերադարձման ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին։
Ի.Ս.-Ռուս պաշտօնեաները ըսին, որ իրենց կարելիութեան սահմանին մէջ օգտակար կը դառնան ռազմագերիներու վերադարձման գործընթացին:
«Փ.»-Պարո՛ն Սաղաթէլեան, տեղի կ’ունենան այնպիսի գործընթացներ, որոնք չեն բխիր 10 Նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրէն, յամենայնդէպս, անոնց մէջ խօսք չկայ GPS-ով սահմաններ գծելու մասին: Մոսկուայի մէջ ձեր հանդիպման ընթացքին, փորձեցի՞ք հասկնալ, թէ ի՞նչ ընթացակարգ է ասիկա:
Ի.Ս.-Մենք ԱԳՆ չենք, որ հարցերը մանրամասնութեամբ քննարկենք, մենք ընդհանուր առմամբ խօսած ենք բազմաթիւ հարցերու շուրջ, ներկայացուցած ենք անոնց կարեւորութիւնը եւ լուծման անհրաժեշտութիւնը:
«Փ.»-Պարո՛ն Սաղաթէլեան, ունի՞ք այն հարցումին պատասխանը, թէ ինչո՞ւ համաձայնագիրին մէջ նշուած է հողերու վերադարձման յստակ ժամանակացոյց, սակայն սահմանուած չէ ռազմագերիներու վերադարձի ժամանակացոյց, ի՞նչ բանի հետեւանք է ասիկա:
Ի.Ս.-Մենք կը համարենք, որ Նիկոլ Փաշինեան անձնատուութեան ստորացուցիչ պայմանագրութիւն ստորագրած է, որ մեզի համար անընդունելի է: Ան, ինչպէս միշտ, չէ հասկցած այդ փաստաթուղթին նշանակութիւնը: Կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կարելի էր այլ կերպով կարգաւորել, բայց ամբողջ հարցը այն է, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնը՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, ի վիճակի չէ պաշտպանելու մեր ժողովուրդին եւ պետութեան շահերը: Այս օրերուն ալ բազմաթիւ հարցեր կան, բայց մենք չունինք կառավարութիւն, որ կարենայ այդ հարցերը բարձրացնել, բանակցիլ եւ պաշտպանել մեր ժողովուրդը, ահա թէ ինչու մենք կ’ըսենք, որ այս ապիկար, ձախողած իշխանութիւնը վայրկեան առաջ պէտք է հեռանայ, որ այս հարցերը կարենանք լուծել:
«Փ.»-Ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը դադրեցուց հանրահաւաքները: Յառաջիկային ի՞նչ գործողութիւններ պիտի ըլլան:
Ի.Ս.- Հանրահաւաքները չեն դադրած, անհնազանդութեան, բողոքի քայլերը պիտի շարունակուին, յառաջիկային կ’ակնկալենք մեծ եւ վճռական հանրահաւաք, որուն մանրամասներուն վերաբերեալ յայտարարութիւն կը կատարուի: Պայքարը նոր թափով, նոր հունով պիտի շարունակուի: Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին կը յստականան բոլոր հարցումներուն պատասխանները: