Արցախի բնակչութեան կրակին բոցը Երեւան հասաւ ու երկրի ներքաղաքական լարուածութիւնը սաստկացուց: Ընդդիմադիր ուժեր սկսան պահանջել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, իսկ վարչապետը մինչեւ օրս կառչած կը մնայ իր պաշտօնին, բռնի միջոցներ կիրարկելով իր ընդդիմախօսներուն դէմ: «Հակառակ անոր որ չէի կրնար տանս հրկիզումը տեսնել ու դիմանալ, սակայն ճշգրիտ որոշում համարեցի անոր հրկիզումը: Տրամաբանական չէր, որ մեր տունը, որ ամուսնոյս հետ միասին քար առ քար պատած էինք, այսօր ազերիներուն կամ սուրիացի ահաբեկիչներուն ապաստանը դառնար: Մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ դուրս բերինք մեր անձնական իրերը, մեր փոխադրակառքին մէջ զետեղեցինք զանոնք, ապա հրկիզեցինք մեր բնակարանը իր բազում յիշատակներով», ըսաւ Մարտունիի բնակիչ Նարէ Ասթարեան, որ իր հայրենի տունէն դուրս դրուեցաւ եւ եկաւ իր ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Երեւանի շրջակայքը մինչեւ որ… «Աստուած բարին տնօրինէ…»: Նարէի պատմութիւնը բացառութիւն չէ, անոր նման հազարաւոր ընտանիքներ իրենց բնակարանները հրկիզեցին եւ պարտադրաբար դուրս ելան այնտեղէն զինադադարի պայմաններուն հետեւանքով:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը Ատրպէյճանի համար յաղթանակ էր, իսկ ՀՀ վարչապետին արտայայտութեամբ՝ ցաւ: Համաձայնութիւնը յայտարարուելէ անմիջապէս ետք հրապարակուեցան ժողովուրդին եւ հայկական կուսակցութիւններուն բողոքի հաղորդագրութիւնները, որոնք այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը «դաւաճանութիւն» համարեցին: Վարչապետը արդարացնել փորձեց իր ստորագրութիւնը, դիմատետրի իր էջով հանդէս գալով ու արդարանալով ընդդիմադիրներուն ու ժողովուրդին դիմաց, թէ հողատարածքներ զիջիլը ճիշդ որոշում էր: Այնուհետեւ  ան չյաջողելով համոզել ծայր աստիճան վրդոված ժողովուրդը փորձեց պարտութեան յանցանքը բեռցնել զանազան կողմերու վրայ, մինչեւ որ ստիպուեցաւ իր առած որոշումին պատասխանատուութիւնը կրել:
Երկու տարի առաջ Փաշինեանի թաւշեայ կամ նարնջագոյն յեղափոխութիւնը լիպերալ ուժերու գիծը շեշտադրեց Հայաստանի մէջ, Ռուսիոյ կողմնակից դէմքերը լուսանցքի տակ առնելով: Անոր քաղաքականութեան պարտութեան նշոյլները երեւիլ սկսած էին աստիճանաբար: Այս համաձայնագիրն ալ արդիւնք էր տարիներու իր վարած քաղաքականութեան:
Յեղաշրջումի Եւ Սպանութեան Փորձ, Զոր Ընդդիմութիւնը Հերիւրանք Կը Համարէ
 Համաձայնութեան ստորագրումէն ետք, երբ պարզ դարձաւ նաեւ այնպիսի հողատարածքներու զիջումը, որոնք Ստալինի օրով իսկ Ատրպէյճանին ապօրինաբար յանձնուած տարածքներուն մէջ չէին ներառուած,  ծայր առին ցոյցի ալիքներ, ցուցարարներ մուտք գործեցին ՀՀ խորհրդարան եւ ցոյցեր կազմակերպուեցան փողոցներու եւ հրապարակներու մէջ, որմէ ետք ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յայտնեց, որ Փաշինեան սպանութեան փորձի ենթարկուած է: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ ձերբակալուեցան շուրջ երկու օրուան տեւողութեամբ, սակայն դատական մարմինները ազատ արձակեցին ձերբակալուածները փաստերու չգոյութեան հետեւանքով: Քաղաքական վերլուծաբան Արթիւր Եղիազարեան «Ալ Նահար ալ Արապի»ին յայտնեց, որ ձերբակալուածներուն դէմ օգտագործուած փաստերը մակերեսային էին: Ոմանք հեռաձայնային խօսակցութեամբ  արտայայտուած էին, որ Փաշինեանի մահուան կը սպասեն, սակայն նման արտայայտութիւններ  բաւարար փաստեր չեն համարուիր մարդիկ մեղադրելու սպանութեան դաւով: Եղիազարեան աւելցնելով ըսաւ. «Երբ Հայաստանի փողոցները շրջագայիս, նման արտայայտութիւններ յաճախ կը լսես: Տրամաբանակա՞ն է բոլոր արտայայտուողները մեղադրել եւ ձերբակալել: ՀՀ արդարադատութեան համակարգը կը բացայայտէ կեղծիքը այն մեղադրանքներուն, որոնց իսկական նպատակը լռեցնելն է  ընդդիմութիւնը, որ տակաւին կը պահանջէ իշխանութենէն հեռացնել Փաշինեանը օրինական ճամբով: Տրամաբանական չէ, որ հողեր յանձնող անձը աւարտէ բանակցութիւնները: Բանակցողը պէտք է փոխուի օրինական միջոցներով»:
Շուրջ 17 կուսակցութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, գլխաւորաբար ՀՅԴ-ն, Բարգաւաճ Հայաստանը եւ Հայաստանի Ժողովրդավար Կուսակցութիւնը Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցոյցեր կազմակերպեցին:
Այլ դիւանագէտ մը, որ մերժեց անունը բացայայտել,  սակայն չէզոք ըլլալը հաստատեց, յայտնեց, որ Արցախի պատերազմին ընթացքին հաւանական է որ Արցախէն Հայաստան զէնքեր հասած ըլլան, հետեւաբար հակառակ տեղի ունեցող խաղաղ ցոյցերուն, Փաշինեան մտավախութիւն կրնար ունենալ որ երկրէն ներս զինեալ բախումներ սկսէին, հետեւաբար կը փորձէր անոնց առաջքը առնել:
Միւս կողմէ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի անդամ Լիլիթ Գալստեան «Ալ Նահար ալ Արապի»ին յայտնեց. «Իշխանութիւններուն Փաշինեանի սպանութեան դաւադրութեան մը մասին յայտարութիւնները կեղծ են, պարզապէս ներկայ իշխանութեան շարունակականութիւնը պահպանելու որպէս միջոց կ’օգտագործուին: Մարդիկ փողոց ելան Փաշինեանը դաւաճան անուանելով: Այս յայտարարութիւնը եւ ընդդիմադիր կուսակցութեան գործիչներու ձերբակալութիւնները մարդոց մէջ խուճապ սերմանելու նպատակով կը կատարուին»:
Ի պատասխան Փաշինեանի այն մեղադրանքներուն, թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները  պատերազմի դաշտէն բացակայ էին եւ զարգացումները կը շահագործեն կացութիւնը ներքաղաքական յաղթանակի հասնելու յոյսով, ՀՅԴ-ն գուժեց նահատակութիւնը ինչպէս Հայաստանէն ու Արցախէն, այնպէս ալ Հալէպէն իր ազատամարտիկներուն, որոնք Արցախի մէջ կը պաշտպանէին Շուշի քաղաքը:
Ըստ Գալստեանի. «Այն իշխանութիւնը, որ վաճառեց մեր հայրենիքին մէկ մասը, այլեւս իրաւունք չունի կառավարելու երկիրը, եւ մենք պիտի պայքարինք սահմանադրական եւ օրինական միջոցներով տապալելու զայն, քանի որ այս կորուստը, որ մեր պատմութեան մէջ պիտի համարուի սեւ էջ, արդիւնք է ձախող քաղաքականութեան, որ վարած են Փաշինեանը եւ իր կառավարութիւնը երկու տարուան ընթացքին: Այս իշխանութիւնը պարտութիւն կրեց երեք ճակատներու վրայ՝ դիւանագիտական, զինուորական եւ ներքաղաքական»:
Փութին Կ’ակնարկէ Պատերազմի Ղեկավարման Առումով Փաշինեանի Անկար Ըլլալուն
Ամենամեծ անակնկալը հայերուն համար այն էր, որ իրենց դաշնակից երկրին ղեկավարը՝ Փութինը, յուսախաբ ըրաւ զիրենք, երբ հայկական ուժերը առանձին թողուց Իսրայէլի կողմէ զօրակցութիւն ստացող ատրպէյճանաթրքական դաշինքին դիմաց, տեսնելով մէկտեղ սուրիացի ահաբեկիչ վարձկաններուն օգտագործումը տարածաշրջանին մէջ: Փութին «Ռուսիա – 24»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, սակայն, պարզեց, որ յաջողած է համոզել Ալիեւը դադրեցնելու պատերազմը 19-20 Հոկտեմբերի ժամանակահատուածին, այսինքն՝ Հայաստանի կողմէ հողերու յանձնումէն շուրջ երեք շաբաթ առաջ, միայն այսպէս կոչուած «ատրպէյճանական շրջաններ»ու վերադարձով, հայկական ուժերուն պահելով Շուշի քաղաքին վերահսկողութիւնը, բայց Փաշինեանի պատասխանը պատերազմը շարունակելու Հայաստանի վճռականութիւնը եղած է:
Փաստօրէն, Փութինի յայտարարութիւնները լիովին կը հակասէին վարչապետ Փաշինեանի շարունակական հաւաստիացումներուն, որ ան չէր ստացած պատերազմը դադրեցնելու որեւէ առաջարկ մինչեւ վերջին համաձայնագիրին ստորագրումը: Ռուսիոյ նախագահը, յայտնուելով Փաշինեանը պաշտպանելու դիրքին մէջ, զինք զերծ կացուցանել կը փորձէր դաւաճանութեան մեղադրանքէն, միեւնոյն ատեն զինք գահընկէց կը դարձնէր, փաստօրէն, վերջին շաբաթներուն, հայկական ընդդիմութիւնը ապացուցած էր, որ Փաշինեանի ճկուն չըլլալն ու պատերազմը վատօրէն կառավարելը տարածաշրջանի ամենակարեւոր քաղաքին՝ Շուշիի կորուստին պատճառը հանդիսացան՝ յօգուտ Ատրպէյճանի:
Լիբանանցի գրող եւ լրագրող Եղիա Թաշճեան «Ալ Նահար ալ Արապի»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Փաշինեան ճիշդ ձեւով  չգնահատեց պատերազմը ընդհանրապէս, մասնաւորապէս Շուշի քաղաքին ճակատագիրը: Փաստօրէն ան ռուսական առաջարկը մերժեց չընդունելով ազերի փախստականներուն որոշ համեմատութեան Արցախ վերադարձը, մինչդեռ  ան կրնար այլ տարբերակներ օգտագործել, եթէ ուզէր  շրջանցել այդ դրոյթը, օրինակ՝ կրնար խօսիլ հայ փախստականներուն վերադարձին մասին դէպի այն տարածքները, որոնք տակաւին կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ»:
Թաշճեան հաստատեց, որ «Փաշինեանի եւ երկրի զինուորական հաստատութեան միջեւ կան որոշ հարցեր: Զարմանալի է նաեւ Հանրապետութեան նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին դերին անտեսումը համաձայնագիրին ստորագրման որոշումի գոյացման ընթացքին»:
Միւս կողմէ Գալստեան ՀՀ վարչապետին դիւանագիտութիւնը բնութագրեց որպէս «Ձախող ընթացք, որովհետեւ ան չյաջողեցաւ առողջ յարաբերութիւններ հաստատել ո՛չ մեր դաշնակից Ռուսիոյ, ո՛չ մեր դրացիներուն, ոչ ալ միջազգային մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու հետ»:
Այս բոլորէն պարզ կը դառնայ, որ Փաշինեան վճռած է մնալ իշխանութեան մէջ ամէն գնով, հակառակ իր կառավարութեան շատ մը նախարարներու հրաժարականներուն եւ ընդդիմութեան ու ժողովուրդին մինչ օրս կազմակերպած ցոյցերուն: Միւս կողմէ համաձայնագիրին ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Համաձայնագիր մը, որ որեւէ լուծում չբերաւ վիճելի տարածաշրջանի հարցին եւ չպատասխանեց շարք մը հարցումներու, սկսեալ շրջանի մեծամասնութիւնը կազմող հայ բնակչութեան իրաւունքներէն, հասնելով մինչեւ Թուրքիոյ դերակատարութեան բնոյթին տուն տուող պատճառները: Պատերազմի դադրեցման ազդը տուաւ Ռուսիոյ նախագահը, հայկական կողմը եւս նախազգուշացնելով պատերազմի վերսկսման վտանգներէն…:
Սարգիս Գասարճեան
«Ալ Նահար ալ Արապի»
Արաբերէնէ թարգմանութիւնը՝ «Գանձասար»ի