Յաճախ մեր կեանքին ընթացքին յուսախաբութեան կը մատնուինք: Ակնկալութիւնները, սպասումները, պատկերացումները եւ փափաքները անկատար կը մնան:  Այս տագնապեցնող կացութեան հետեւանքով մտքի հանգստութիւն զգալը եւ հոգեկան խաղաղութիւն վայելելը կը թուի անհնար ըլլալ: Չարափոխուած վիճակները, անկայուն պայմանները եւ մարդկութենէ զուրկ արարքները կը խանգարեն առօրեան եւ նոյնիսկ մարդ արարածին ներաշխարհը:
Ներկայ աշխարհէն բարիք ակնկալելը խաբկանք է: Չարը բոյն շինած է ամէն տեղ: Կարծէք մարդուն սիրտը դժոխքի դեսպանատունն է: Երբ կը նայինք մեղքի եւ մոլութեան հոսանքներուն, պիտի նկատենք թէ տխուր է կեանքին պատկերը: Ինչպէս մահացու քաղցկեղէ տառապող մը շուտով կը կորսնցնէ իր բնականոն  առողջական ընթացքը, այնպէս է նաեւ ներկայ հիւանդագին աշխարհը, որ հոգեւոր եւ բարոյական անկումներով վատառողջ վիճակի մէջ է: Լուրերը մահազդի տպաւորութիւն կու տան,  հանդիպումները՝ մահաբոյր մթնոլորտ,  խօսքերը՝ ժխտական ազդեցութիւն, այցելութիւնները՝ անպտուղ սովորութիւն, իսկ գալիքի մասին արտայայտութիւնը՝ թէական պատկերացումներու: Ներկայէն դէպի ապագայ տանող կամուրջները քանդել կ’ուզեն մութ ձեռքերը եւ կը փորձեն մարդոց ապրելու եռանդը սպառել, պայքարի կամքը տկարացնել եւ տոկալու կարելիութիւնը սահմանափակել: Այլ խօսքով յոյսէն ծնունդ եւ սնունդ առնող արժէքները ոչնչացնել:
Ինչքան ահաւոր եւ կատաղի հրէշներ կան, որոնք կը համարձակին երազներ անիրագործելի դարձնել, բարի ծրագիրներ խափանել, աստուածահաճոյ գործեր կասեցնել եւ յոյս ներշնչող իրականութիւններ ծածուկ պահել: Երբ յոյսը բացակայի՝ ո՛չ ներկան ապրելու, ո՛չ ապագան կերտելու, ո՛չ բարձունք նուաճելու եւ ոչ ալ սխալը սրբագրելու տրամադրութիւն կ’ունենանք: Երբ յոյսը կեդրոնական տեղ չունի՝ մեր քրիստոնէական հաւատքը իր իմաստէն կը պարպուի: Յոյսի պատուաստով կրնանք քալել խաչի ճանապարհէն՝ յարութեան տեսիլքով: Յոյսն է գերբնական առաքինութիւնը, որուն շնորհիւ Աստուծոյ խնամքին կը յանձնուինք եւ Անոր խոստումին կը կառչինք: Կարելի չէ պատկերացնել հաւատքի կեանք առանց յոյսի: Պօղոս առաքեալ հաւատքի մասին խօսելով կ’ըսէ. «Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք…» (Եբր 11.1): Ուրեմն յոյսը սերտ ուղեկիցն է հաւատքին եւ անոր լրացուցիչ մասը: Յոյսով ընթացողը հաստատ հաւատքով կը սպասէ Աստուծոյ փրկարար միջամտութեան, մէկդի կը ձգէ ամէն խոչընդոտ, կը մտաբերէ Տիրոջ հրաշքները եւ աղօթքի ճամբով կը խնդրէ մխիթարութիւն: Շատեր մարդոցմէ սպասումներ ունին: Երբ իրենց ակնկալածը չըլլայ տագնապի կը մատնուին, հաւանաբար ըսեն. «Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ ոչ ոք կը ճանչնայ զիս… Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ» (Սղ 142.4): Իսկ Աստուծոյ յուսացողը խաղաղ սիրտով կ’ըսէ. «Իմ սիրտս պատրաստ է, ով Աստուած. սիրտս պատրաստ է» (Սղ 108.1): Յոյսով պատրաստ ըլլանք ճեղքելու մեղքի ալեկոծ ծովը՝ ապահով նաւահանգիստ հասնելու ակնկալութեամբ եւ Բարի Նաւապետին առաջնորդութեամբ: Յոյսի բանալին հարկ է ունենալ: Այդպիսով կը բացուին ողորմութեան եւ օրհնութեան դռները: «Կիլիկիա»  մաղթերգին առաջին տողին բառերը ինքնին խորհրդաւոր են. «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ…»: Քրիստոսակեդրոն յոյսը իր անխարդախ եւ հոգեխօս գոյութեամբ զօրութեան մշտահոս աղբիւր եղած է: Հայ եկեղեցւոյ արարողութեանց աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքին մէջ մշտական կերպով կը լսենք հետեւեալ բառերը. -Պահպանիչ եւ ՅՈՅՍ հաւատացելոց Քրիստոս Աստուած մեր…-:  Նուիրական այս բանաձեւին ընդմէջէն մեր ուշադրութեան կը յանձնուի յոյսով աղօթական կեանք ապրելուն էական ըլլալը:
Յոյսի աղբիւր եղաւ Քրիստոսի թափուր գերեզմանը, երբ հրեշտակը աւետեց իւղաբեր կիներուն ըսելով. «Մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր»   (Մտ 28.5-6): Յոյսի խորհրդանիշ եղաւ Խոր Վիրապը, որուն մէջէն տարիներ ետք ողջ ելաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը: Յոյսի առաքեալներ էին մեր հաւատքի ախոյեանները, որոնք կեանքի վկայութեամբ յոյսի տարածիչներ հանդիսացան:
Արտօնուած չէ յուսահատիլ, քանզի ան մահացու մեղք է,  անընդունելի վիճակ, աստուածամերժ մօտեցում, դատապարտելի յանցանք, ամօթալի սխալ եւ չարահաւան ախտ: Մկրտութեան ատեն կնքահայրը որպէս հոգեւոր դաստիարակ կը յայտարարէ թէ երախան կ’ուզէ. «Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն»: Երանի մեր աղօթքներուն մէջ խնդրենք, որ այս երեք երկնային առաքինութիւնները բողբոջին ամէնուն կեանքէն ներս:
Ծովը եզերք ունի, ովկիանոսին վրայ կղզիներ կան, անապատին մէջ՝ սննդարար արմաւենիներ, որոնք հակառակ աննպաստ կլիմային՝ պտուղ կու տան: Աշնան տերեւաթափ ծառը գարնան կրկին կը ծաղկի: Սեւ ամպերու ետին արեւը ետ կը ծագի: Բնութեան մէջ յոյսին խորհրդաւոր ներկայութիւնը ի յայտ կու գայ: Աստուածադիր սքանչելիքներ, գեղեցիկ տեսարաններ եւ յուսադրող երեւոյթներ կը հրաւիրեն մէկդի ձգել յոռետեսութիւնը: Կեանքի ելեւէջները դաստիարակիչ յատկութիւն ունին յոյսով ընթացողին համար: Ինչպէս որ օձի թոյնէն դեղ կը շինուի, այնպէս ալ վիշտերով «խայթուած» հաւատացեալ մարդը կրնայ նոր փորձառութիւն ձեռք ձգել, հոգեշահ դասեր քաղել պատահածներէն եւ Պօղոս առաքեալին նման ըլլալ  տոկունութեան խօսուն օրինակ:
Աստուածաշունչին մէջ յիշուած բազմաթիւ դրուագները  յոյս ներշնչող ճշմարտութիւններ են, որով մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի անկեալին կանգնումը, դատապարտեալին արդարացումը,  հեթանոսին դարձը եւ մեղաւորին փրկութիւնը: Այս մասին առաքեալը կ’ըսէ. «Ինչ որ սկիզբէն Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուեցաւ՝ մեր դաստիարակութեան համար գրուեցաւ, որպէսզի համբերութեամբ եւ Սուրբ գիրքերուն մեզի պարգեւած քաջալերանքով՝ յոյս ունենանք» (Հռ 15.4): Ուրեմն Աստուծոյ խօսքով թող մեր յոյսը ծաղկի եւ պտղաբերի, պայծառանայ եւ մշտափայլ մնայ, որպէսզի ճառագայթող ներկայութեամբ ապրինք: Քրիստոսի յարութեան հաւատացողը արքայութեան հասնելու երջանիկ յոյսով կ’արժեւորէ իր երկրաւոր կեանքը:  «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5): Այսպէս ըսաւ Պօղոս առաքեալ:
Ամօթ մեզի երբ յուսահատինք: Հազար երանի եթէ յոյսով ապրինք:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան