2020 տարին լի էր բազում անակնկալներով, որոնք ուղղակի զարմանքի մատնեցին մարդկութիւնը: Անոր  տարափին դիմաց ապշահար մնաց արար աշխարհը, իսկ հայը՞…
9 Նոյեմբեր 2020. ամօթալի ու սեւ թուական մը նորօրեայ մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Կսկիծ՝ կորսնցնելով երկրի մը ամենասուղ ու անփոխարինելի երկու յենարանները՝ մեծաթիւ երիտասարդութիւն եւ հող: Հողը, որ մեծ հօրմէդ դարերու ժառանգ է քեզ, ընտանիքիդ ու թոռներուդ: Արտ, որուն հատիկները խառնուած են իր նահատակ զաւակներուն արիւնով ու շունչով, տեւաբար յիշել տալու, որ ան սուղ է եւ սուրբ: Հողատարածք, որ պատիւ ու հայրենիք է ոմանց համար, իսկ ուրիշներու համար՝ բանակցութեան առարկայ կամ անհրապոյր ունեցուածք: 9 Նոյեմբերէն առաջ ու վերջ հայութիւնը նոյնը չէ, երկբեղկուած է ու խայտառակուած:
27 Սեպտեմբեր 2020. դարձեալ անմոռանալի թուական մը, ազերի-թուրք թշնամի ուժերուն դէմ դէպի Արցախ պատերազմի ճակատ մեկնելով պայծառ ու սէգ մեր տղաքը թնդացուցին հողն ու օդը, որովհետեւ միասնակամութիւնն էր տիրող, յաղթութեան հաւատք ներշնչող միասնականութիւնը: Միթէ՞  հայրենիքէն աւելի թանկ բան կայ, որուն շուրջ կարելի է համախմբուիլ, իրեն համար ընտանիք, տուն ու հանգիստ ձգել եւ նոյնիսկ կեանք նուիրել անոր:
Նուիրել ու նուիրուիլ, երդնուլ ու տէրը ըլլալ այդ երդումին, յատկութիւններն են հերոսներու, որոնցմով հարուստ եղած է  հալէպահայ գաղութը: Սուրիոյ տագնապէն ի վեր երկրի ընդհանրապէս ու Հալէպի մասնաւորապէս բնակչութիւնը գաղթեց, բայց եւ այնպէս գաղութը մնաց կանգուն ու կայտառ իր հայորդիներով, դպրոցներով, եկեղեցիներով ու միութիւններով սերունդներ պահպանեց ու նոր պատասխանատուութիւններ վստահեցաւ երիտասարդ տարրին:
Իւրաքանչիւր փուլ իր հրամայականը ունի, խաղաղ օրերու ծառայութիւնը չի նմանիր պատերազմի օրերու ծառայութեան: Սակայն ծննդավայրս ունի նուիրեալներ, որոնք ամէն ժամանակներու մէջ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Երբ ոմանք կը կարծեն որ Հալէպ, բնակչութեան թիւի նօսրացման հետեւանքով դարձած է ինքնամփոփ, Հալէպի զաւակները կու գան անգամ մը եւս փաստելու, որ անոնք չեն խուսափիր արեան կանչին պատգամէն ու պատրաստ են ծառայելու ե՛ւ Հայրենիքին, ե՛ւ Սփիւռքին: Դաշնակցական երդուեալ ընկերները ինչպէ՞ս չփութային Արցախ, ո՞ր օրուան համար պատրաստուած էին անոնք, ինչպէ՞ս չկանգնէին իրենց հայրենակիցներուն կողքին: Սակայն որքան հնչեղ էր արեան կանչը, այնքան ծանր էր գոյժը 5-8 Նոյեմբերի:
Հրամանատար ընկ. Յարութ Բանոյեան, մարտիկներ Յակոբ Ասթարճեան եւ Մոսիկ Սեքլէմեան, անմահացա՛ծ ընկերներ, երդում տուիք եւ այդ երդումին հաւատարիմ գտնուեցաք այս դժուար ու անխնայ ժամանակներուն մէջ: Նուիրուեցաք մեր զոյգ հայրենիքներու ծառայութեան՝ Հալէպի հայաշատ թաղամասերու հսկողութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան: Դուք քաջ գիտէիք ու կը կրկնէիք յաճախ, որ Հալէպի սահմանները պաշտպանելով կը պաշտպանէք Արցախի սահմանները: Օրերը փաստեցին ձեր ըսածը: Հալէպէն ծնունդ առած, Արցախէն  թռիչք առած յաւերժացած դիւցազնավէպ հիւսեցիք:
Յաճախ կը կարդայինք անցեալի մեր հերոսներուն մասին, կը փորձէինք պահ մը պատկերացնել անոնց առօրեան, մտածելակերպը, արիութիւնը՝ դիտելով անոնց լուսնկարներն ու կարդալով ուրիշներու վկայութիւնները, բայց զիրենք տեսած ըլլալու բախտաւորութիւնը չէինք ունեցած: Սակայն պատիւը ունեցանք տեսնելու, ապրելու մեր երեք խոնարհ հերոսներուն հետ: Ճանչնալու զիրենք, թափանցելու անոնց պարզ ու կենսուրախ հոգիներուն մէջ: Ընկ. Յարութը գործի ատեն լուրջ ու կարգապահութիւն պարտադրող անձնաւորութիւն էր: Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասող քաջարի երիտասարդ մը: Ընկ. Յակոբը սակաւախօս էր, ժրաջան, լուր ու մունջ կ’աշխատէր, զուարթ էր, ընկերասէր, իսկ ընկ. Մոսիկը ստեղծագործ ու ծառայասէր:
Ընկե՛ր Յարութ, իրականացնելով երազդ հասար զոհաբերութեան բագինին՝ միանալով հրամանատար ընկերոջդ՝ Ռաֆֆի Պչաքճեանին, Յակոբն ու Մոսիկն ալ հետեւելով նոյն ուղիին միացան ֆետայիներու հոյլին: Դուք հպարտօրէն անմահացաք, իսկ մենք ձեր կորուստը սգացինք բայց հպարտացանք:
Դուք իբրեւ սաւառնող արծիւներ կը հսկէք մեր կապոյտ երկինքը, մինչդեռ մենք, «տժգոյն ու դժբախտ» քաղաքը ետ բերելու համար հազար ու մէկ հնարքներ կ’որոնենք: Բայց վստահ ենք, ձեր արիութեամբ կոփուած սերունդները պիտի վերադարձնեն մեր դրախտավայր Շուշին:
Փա՛ռք ձեզի: Հանգի՛ստ ննջեցէք, հերոս ընկերներ:
Սեւանայ Հալլաճեան