10 Նոյեմբեր 2020-ին, պատմութեան էջերուն մէջ աւելցաւ նոր սեւ էջ մը, որուն վրայ ստորագրուեցաւ «դաւաճանութիւն» բառը։ Դաւաճանութիւն մը, որ չէինք ակնկալեր Արցախի սիրոյն այսքան զոհողութիւններէ եւ տառապանքէ ետք։ Սակայն դժբախտաբար մենք՝ հայերս պատմութենէն դասեր չենք քաղեր եւ կը կրկնենք մեր սխալները։ Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը։ 363 թուական, Մծբինի պայմանագրութիւն (հռոմէա-պարսկական հաշտութեան պայմանագրութիւն), յայտնի է նաեւ «Ամօթալի Պայմանագիր» անունով, ուր ոչ միայն Պարսկաստանին կ’անցնին հռոմէական կայսրութեան տակ գտնուող շարք մը նահանգներ, այլ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներէն՝ Աղձնիքը, Մոկքը, Կորդուքը, Ծավդեքը եւ Ռեհիմնէն։ 449-451, դաւաճանութեան խորհրդանիշ Վասակ Սիւնին կը վարէ ժողովրդա-ազատագրական շարժումը կանխելու եւ արիւնահեղ կռիւէն խուսափելու քաղաքականութիւն։ Չհասնելով արդիւնքի, ան վճռական մէկ պահուն կը լքէ հայ ապստամբները, պայքարի միասնական ճակատը, իրեն կողմնակից քանի մը նախարարներու հետ անցնելով պարսկական բռնագրաւեալ ուժերուն կողմը։ 451-ին, Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, պարսկական պատժիչ զօրքերուն հետ ան կը մասնակցի ապստամբութեան ճնշման փորձերուն, հալածելով Վարդան Մամիկոնեանի կողմնակիցները, կը ձերբակալէ եւ Պարսկաստան կը ղրկէ շարք մը նախարարներ ու հոգեւորականներ։ 1034-1064, Անիի կործանում: Վեստ Սարգիս, Պետրոս Գետադարձի եւ իրենց նման քանի մը փառամոլ իշխաններու ու հոգեւորականներու գործակցութեամբ,  անձնական շահերէ մղուած կը դաւաճանեն Հայրենիքին եւ թշնամիին կը յանձնեն երկիրը՝ ժողովուրդը մատնելով ահաւոր եւ աներեւակայելի դաժանութեան: Հակառակ հայրենասէր իշխաններու, յատկապէս Վահրամ Պահլաւունի Իշխանի ջանքերուն, Անին կը կործանի եւ շատ ողբալի աւարտ մը կ’ունենայ:
1921-ին Կովկասի խորհրդային երկիրներու, Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսիոյ միջեւ Ստալինի ճնշման տակ կնքուած Կարսի պայմանագիրով Թուրքիոյ կ’անցնին Կարս մարզին մեծ մասը եւ Սուրմալու գաւառը (որ երբեք չէր գտնուած Թուրքիոյ տարածքին մէջ), ներառեալ՝ Արարատ լեռը իր մօտակայ շրջաններով, իսկ Ատրպէյճանին՝ Նախիջեւանի շրջանը։ Այսինքն Հայաստանը կը կորսնցնէ գրեթէ իր կէս բաժինը։
9 Նոյեմբեր 2020-ին կը ստորագրուի ամօթալի համաձայնութիւն մը՝ առանց հայ ժողովուրդին եւ իշխանութեան տեղեկութեան։ Ատրպէյճանին կ’անցնի Արցախի տարածքին մեծ մասը, Արցախի մնացեալ տարածքին մէջ կը տեղաւորուին ռուս խաղաղապահներ։ Արցախի կարգավիճակին հարցը կը մնայ անորոշ։
Կը տեսնէք չէ՞… Թէեւ ունեցած ենք Տիգրան Մեծի, Տրդատ Գ.-ի, Վարդան Մամիկոնեանի, Աշոտ Երկաթի, Խրիմեան Հայրիկի, Արամ Մանուկեանի նման հայեր, սակայն ունեցած ենք նաեւ դաւաճաններ եւ դաւաճանական պայմանագրութիւններ։
Գալիք սերունդներուն ինչպէ՞ս պիտի կրնանք պատմել մեր հերոսներուն մասին, երբ ապրեցանք ամենավշտալի պահերէն մէկը։ Ինչպէս ըսած է 5-րդ դարու պատմահայր Մովսէս Խորենացին. «Ողբա՜մ զքեզ, հայո՛ց աշխարհ»։
Կիթառ Աւընեան