«Արմէնփրէս».- Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Գուտէրէշ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները:
«Գլխաւոր քարտուղարը ի գիտութիւն ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչներուն 3 Դեկտեմբերին միատեղ յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի մասին: Ան ողջունած է հրադադարի վարչակարգի շարունակական պահպանումը` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին 9 Նոյեմբերին միատեղ յայտարարութեան համաձայն եւ կոչ ուղղած է բոլոր անոնց, որ կը վերաբերի, շարունակելու իրենց յանձնառութիւններու կատարումը, յատկապէս այն դրոյթներով, որոնք կը վերաբերին միջազգային մարդասիրական իրաւունքին եւ մարդու իրաւունքներուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Գլխաւոր քարտուղարը ընդգծած է, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պատրաստ է արձագանգելու հակամարտութեան բոլոր շրջաններու մարդասիրական պահանջքներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային ընդլայնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հասցէագրուող ընթացիկ օգնութիւնը: Ան կոչ ուղղած է բոլոր համապատասխան կողմերուն լիարժէք համագործակցելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կառոյցներուն հետ` ապահովելու անոնց անարգել հասանելիութիւնը:
«Գլխաւոր քարտուղարը կոչ ուղղած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին վերսկսելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ` կայուն խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար: Ան կոչ ուղղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն կանգնելու երկխօսութեան ուղիին վրայ` նպաստելու տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման», յայտնուած է յայտարարութեան մէջ: