ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Ասիոյ պասքեթի զտման մրցումներուն, Սուրիոյ տղոց հաւաքականը Քաթարի մէջ 79-72 արդիւնքով պարտութիւն կրեց հիւրընկալ կազմէն: Նախքան մրցումը տեղի ունեցած բժշկական քննութիւններուն ի յայտ եկաւ, որ Սուրիոյ կազմէն երկու խաղացողներ եւ օգնական մարզիչը վարակուած են պսակաձեւ ժահրով եւ անոնք մաս չկազմեցին հանդիպումին:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան հինգերորդ փուլի մրցումներուն, Իթթիհատի կազմը կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը, այս անգամ Ուասպէ խումբէն: Մրցումէն ետք խումբի նորանշանակ մարզիչ Ուսամա Հատտատ եւ Անաս Սարին ներկայացուցին իրենց հրաժարականները:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի կազմը Մահարտէի մէջ 55-63 արդիւնքով պարտութիւն կրեց հիւրընկալ խումբէն: Տղոց Ա. դասակարգի մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի խումբը 87-54 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Նաուաիրէն, իսկ ՀԵԸ-ի կազմը 104-61 արդիւնքով պարտուեցաւ Ճալաաէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՈՉ ԵՒՍ Է ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ
ԽԱՂԱՑՈՂԸ՝ ՄԱՐԱՏՈՆԱՆ
Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբերին իր մահկանացուն կնքեց ֆութպոլի պատմութեան աշխարհի լաւագոյն խաղացողներէն 60 տարեկան Տիէկօ Արմանտօ Մարատոնան: Արժանթինեան Clarin թերթը գրեց թէ Նոյեմբերի սկիզբը անուանի ֆութպոլիստը ուղեղի արեան զեղումով տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր մնացած է մինչեւ ամսուն 11: Նոյեմբեր 25-ին ենթարկուած է սրտի տագնապի եւ դարձեալ տեղափոխուած է հիւանդանոց, սակայն այս անգամ բժիշկները չեն յաջողած փրկել անոր կեանքը: Մարատոնան իր մարզական կեանքը անցուցած է արժանթինեան «Արժանթինոս Խունիորս», «Պոքա Ժունիըր», «Նիուվըլ Օլտ Պոյզ», սպանական «Պարսելոնա», «Սեւիլիա», իտալական «Նափոլի» խումբերուն հետ: Ան Իտալիոյ կրկնակի ախոյեան է: Արժանթինի հաւաքականի կազմին հետ մասնակցած է 91 մրցումի, նշանակած է 34 կոլ, որոնցմէ մէկը եղաւ իր ձեռքով եւ դարձաւ պատմութեան ամէնէն նշանաւոր կոլը: Հաւաքականին հետ մէկ անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան (1986), իսկ 1990-ին փոխախոյեան: Ան այլ առիթներով զբաղած է մարզիչութեամբ:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԸ ԿՐՆԱՅ
ՎԵՐԱՆՈՒԱՆՈՒԻԼ ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻԻ ԱՆՈՒՆՈՎ
«Արմէնփրէս»ի Համաձայն, Պարսելոնայի նախագահի թեկնածու Էմիլի Ռուսսօ յայտարարած է, որ եթէ ընտրուի ակումբի նախագահ, մտադիր է մարզադաշտը անուանակոչել Մեսսիի անունով: Մարզադաշտը պիտի կոչուի «Քամփ Նու Լիոնէլ Մեսսի»:
Աւելցնենք, որ Օգոստոսին Պարսելոնայի արժանթինցի յարձակողական խաղացող Լիոնէլ Մեսսին կը մտադրէր հեռանալ սպանական ակումբէն, սակայն պայմանագրութեան հիման վրայ, ան մէկ մրցաշրջան եւս մնաց Քաթալոնիա: Մեսսի իր մարզական կեանքին ընթացքին, խումբին հետ խաղերուն նշանակած է 630 կոլ եւ մասնակցած է 724 մրցումներու:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան