Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ այսօր, 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում» նախաձեռնութեան հանրահաւաքը: Շարժումը նախաձեռնած էին խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք կը պահանջէին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեանի խօսքով` Ազատութեան հրապարակ հաւաքուած էին հազարաւոր մարդիկ, մտքով ու հոգւով ներկայ էին նաեւ տասնեակ, հարիւր-հազարաւորներ` Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ, սփիւռքի բոլոր գաղթավայրերէն մինչեւ Ջաւախք:
«Այս հաւաքը պարզապէս մէկը իշխանութենէն հեռացնելու եւ ուրիշ մէկը իշխանութեան կարգելու համար չէ: Այս հաւաքը վերջին 30 տարիներուն այն եզակի հաւաքներէն մէկն է, որ արդէն 2 շաբաթէ ի վեր կը շարունակուի, որը պայքար է յանուն արժանապատուութեան վերականգնման, յանուն ապագայ սերունդներուն, որպէսզի որեւէ սերունդ այս մասին իր դասագիրքերուն մէջ կարդալով` երբեք չարձանագրէ, որ հայրենիքը կորսնցուցած, ծախած, պատերազմ պարտուած, մէկ գիշերուան մէջ պարտուողական փաստաթուղթ ստորագրած, հասարակութիւնը պառակտած անձին, որուն անունն է Նիկոլ Փաշինեան, 2020 թուականին ժողովուրդը հանդուրժեց պահել իշխանութեան ղեկին», նշեց Գեղամ Մանուկեան:
Ազատութեան հրապարակ հաւաքուած քաղաքացիները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելով զոհուած զինուորներուն եւ կամաւորներուն յիշատակը:
Դադիվանքի վանահայր Տէր Յովհաննէսը հանրահաւաքի մեկնարկը կատարեց Տէրունական աղօթքով:
ՀՀ ԱԺ Բարգաւաճ խմբակցութեան պատգամաւոր Իվետա Տօնոյեան ընթերցեց կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ուղերձը: Ելոյթներով հանդէս եկան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դերասան Վիգէն Ստեփանեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար, ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետի միասնական թեկնածու, ՀՀ առաջին վարչապետ, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վազգէն Մանուկեան:
Աւարտին Գեղամ Մանուկեան տեղեկացուց, որ համապետական հանրահաւաքի վայրէն պիտի սկս քայլերթ` Բաղրամեան պողոտա-պռօշեան փողոց-կառավարութեան ամառանոցներ երթուղիով, ուր անմրջապէս Նիկոլ Փաշինեանին կը փոխանցուին վերջինիս հրաժարականի յստակ պայմաններն ու վերջնաժամկէտը:

Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկսած երթը աւարտին կառավարական առանձնատուներու մօտ, ուր ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց․ «Մենք այստեղ ենք, որ շատ մօտէն Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցենք մեր բոլորին պահանջը: Այդ պահանջը հետեւեալն է` մենք մինչեւ Երեքշաբթի օրը ժամը 12-ը ժամանակ պիտի տանք, որ Նիկոլը իր քաղաքական խումբին, իր խորհրդատուներուն հետ վերջնականապէս քննարկէ, որոշում ընդունի հրաժարական տայ եւ հեռանայ»։