ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի անդամները 2-էն 6 Դեկտեմբերին այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ:
Պատուիրակութեան հիմնական նպատակը Արցախի ժողովուրդին իրենց աջակցութեան եւ բարեկամութեան հաւաստումն էր` յարձակող Ատրպէյճանին եւ անոր սատարող Էրտողանի Թուրքիոյ եւ վարձկաններու կողմէն Արցախին պարտադրուած աւերիչ պատերազմէն վերջ: Բարեկամութեան խումբի պատուիրակութեան անդամներն էին Պրիւքսէլի խորհրդարանի պատգամաւոր Էմանուէլ Տէ Պոքը, Ժէթ համայնքի քաղաքապետ Էրուէ Տուայըն, լրագրող, նախկին ծերակուտական Ժոզի Տուպին, Պրիւքսէլի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ժուլի տը Կրոթը եւ նախկին ծերակուտական, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համակարգող Անտրէ տը Պուս: Պատուիրակութեան անդամները խոր վիշտով ականատես եղան Արցախի հայ բնակչութեան դէմ թուրք եւ ատրպէյճանական յարձակումին ցաւագին ու կործանարար հետեւանքներուն:
Պատուիրակութեան կ’ուղեկցէին Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան, գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Պետրոս Պետրոսեան:

3 Դեկտեմբերին Արցախ ժամանելէն վերջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը քաղաքական գործիչներու հետ՝ Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեանի, քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի` Պելճիքայի հետ բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմի ընթացքին լուրջ աւերածութիւններու ենթարկուած Մարտունի քաղաքի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները վերահաստատեցին իրենց դիրքորոշումը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին մասին, որպէս հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական լուծման միակ միջոց, որ կ’երաշխաւորի Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը: Պատուիրակութիւնը նաեւ իր աջակցութիւնը առաջարկեց պատերազմէն մեծապէս տուժած դպրոցի վերակառուցման աշխատանքներուն:
Ականատես ըլլալով, որ արցախցիները կ’իրականացնեն փողոցներու ամբողջական մաքրութեան աշխատանքներ եւ ռմբակոծութիւններու հետեւանքներու վերակառուցում, ինչպէս նաեւ տուժած դպրոցներու բարեկարգում, Բարեկամութեան խումբի համակարգող Անտրէ տը Պուս ըսաւ. «Երկու երեւոյթ մեզի խիստ տպաւորեց: Նախ ` տեղահանուած ընտանիքներուն ապրած ողբերգութիւնը. ոմանք տակաւին լուր չունին իրենց հօրմէ, ամուսինէն կամ որդիէն, անոնց համար ապագան անորոշ է եւ մութ: Միւս կողմէն` արտասովոր դիմադրողականութիւնը, որ ցուցաբերած է Արցախի բնակչութիւնը. անոնք արդէն սկսած են վերակառուցման աշխատանքները ` առանց դժգոհութեան եւ ամենայն արժանապատուութեամբ»:
Պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեանին, որ ապացոյցներ տրամադրեց եւ մանրամասն ներկայացուց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները ատրպէյճանական բանակի կողմէն իրականացուած ռազմական յանցագործութիւնները՝ արգիլուած զէնքի կիրառումը խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու` եկեղեցիներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու, մանկապարտէզներու եւ բնակելի տուների ուղղութեամբ: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան մարդասիրական օգնութեան, փախստականներու վերադարձի, Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներուն վերադարձը դիտաւորեալ յետաձգելու, եւ ատրպէյճանական բանակի տիրապետութեան տակ մնացած զոհուածներու մարմիններուն փոխանակման հետ կապուած հարցեր:
Պատուիրակութեան անդամները նաեւ ականատես եղան Ատրպէյճանի կողմէն թիրախաւորուած Ստեփանակերտի ծննդատան հասցուած վնասին, ինչպէս նաեւ Մարտունի եւ Ստեփանակերտ քաղաքներուն` ամբողջութեամբ աւերուած բնակելի թաղամասերուն:
Մասնակիցները նաեւ զգացական զրոյց ունեցան Հայաստանէն վերադարձած փախստականներուն եւ Հադրութէն ու Շուշիէն ներքին տեղահանուածներուն հետ:
Մեկնաբանելով պատուիրակութեան այցելութիւնը` Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց. «Պատերազմի ընթացքին Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի պատգամաւոր Ժորժ Դալեմանի այցելութենէն եւ Պելճիքայի Խորհրդարանի` ատրպէյճանական բանակը Արցախէն անյապաղ հեռացնելու կոչէն եւ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողական դատապարտող բանաձեւի քուէարկութենէն յետոյ, Բարեկամութեան խումբի այս այցելութիւնը եւս մէկ ազդեցիկ քայլ է մեր պելճիքացի ընկերներու կողմէն` ի աջակցութիւն պատերազմի հետեւանքներուն զոհ դարձած Արցախի հայ բնակչութեան: Յոյսով ենք, որ այս աջակցութիւնը նիւթական օժանդակութեան կը դարձնենք` քիչ մը բարելաւելով Արցախի ժողովուրդի յետպատերազմեան կեանքը»:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ