ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է, յայտնելով որ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը մէկ քայլ իսկ չեն նահանջեր մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերէն: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը, պատերազմի սանձազերծումի յաջորդող շաբաթներու ընթացքին պարբերաբար հրապարակած էր ամփոփագիրներ, որոնց նպատակն էր ներկայացնել Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին կողմէն այս օրերուն իրականացուող լայնածաւալ եւ բազմաշերտ աշխատանքներու առաւել ակներեւ արդիւնքները` ըստ տարածաշրջաններու: 27 Սեպտեմբերէն վերջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը ամբողջ աշխարհի մէջ նոր թափով ձեռնամուխ եղան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն շահերուն պաշտպանութեան ու առարկայական տեղեկատուութեան ներկայացումին` կիրառելով գրասենեակային աշխատանքի համալիր գործիքակազմեր: Այս ամբողջ ընթացքը, որ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութեան առաւել քան 75-ամեայ պատմութեան յատկանշական փուլերէն էր, արդիւնաւորուեցաւ կարեւոր ձեռքբերումներով, Արցախի եւ Հայաստանի միջազգային բարեկամներու շրջանակներուն շեշտակի աճով, նոր յարաբերութիւններու հեռանկարներով: Այդ բոլորը այժմ ուսումնասիրուած է, կատարուած են համապատասխան վերլուծութիւններ եւ գնահատականներ: Անոնք պատշաճ պահուն պիտի ներկայացուին հասարակութեան ու շահագրգռուող կողմերուն: Կ’ուզենք գոհունակութիւն յայտնել մեր յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն` անհուն նուիրումով դժուար պահուն հայրենիքի շահերու պաշտպանութեան լծուելուն, կատարուած հմուտ եւ արհեստավարժ աշխատանքին, համայնքային կեանքը աշխուժացնելուն համար: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 9 Նոյեմբերին գիշերը Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստորագրած յայտարարութիւնը միջազգային ասպարէզի մէջ Հայաստանի շահերուն սպասարկման առումով ստեղծած է բոլորովին նոր իրավիճակ: Այսու մեր նախընթաց քաղաքական ծրագրաւորումները եւ ձեռնարկներուն նախագիծերը վերարժեւորման կարիք ունին, սակայն միայն մարտավարական առումով: Մեր ռազմավարական նպատակները եւ ապագայի տեսլականը կը շարունակեն անփոփոխ մնալ: Դատապարտելով Հայաստանի վարչապետին կողմէն ամօթալի փաստաթուղթի ստորագրումով յանգած գործողութիւնները եւ անոնք գնահատելով որպէս աղէտաբեր մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար, միաժամանակ կը յայտնենք, որ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն համաշխարհային ցանցը քայլ մը իսկ չի՛ նահանջեր մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման եւ պաշտպանութեան իր գործունէութենէն: Ստեղծուած իրավիճակին մենք մանրակրկիտ եւ մասնագիտական քննարկումի ենթարկած ենք առկայ տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքական իրավիճակը, բազմաթիւ պետութիւններուն ներպետական գործընթացներն ու արտաքին քաղաքական դիրքորոշումները, որպէսզի նոր պայմաններու մէջ կարենանք առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ սպասարկել մեր ժողովուրդի արտաքին քաղաքական շահին: Մեր յառաջիկայ աշխատանքներուն ծիրին մէջ պիտի շարունակուին յատկապէս Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումին, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին, միջազգային բարեկամներուն շրջանակի շարունակական ընդլայնման եւ անոնց տեղւոյն տարբեր ծրագիրներուն մէջ ընդգրկելու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Արցախի մեկուսացումը ճեղքելու, երիտասարդութեան կրթութեան իրաւունքի իւրացումին, համայնքային զարգացման եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացումին ուղղուած որոշակի քայլերը: 10 Նոյեմբերին յաջորդած ժամանակահատուածով Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը շարունակեն իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը: Այս առումով յատկանշական են Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ Ազգային ժողովին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւերու ընդունումը, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի Դաշնային Խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններուն յանձնաժողովին կողմէն Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակողական արարքը դատապարտող բանաձեւը: Այս ընթացքին շարունակաբար ընդլայնած է Արցախի բարեկամներու շրջանակը․ այս ոլորտին մէջ դրական արդիւնքներ ունինք յատկապէս Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ: Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը շարունակէ քննարկումի առարկայ ըլլալ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, յատկապէս` Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի ստորին պալատին եւ Քանատայի խորհրդարանի վերին պալատին մէջ: Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կողմէ կը շարունակուին արտասահմանեան պատուիրակութիւններու, մեր ժողովուրդի օտարազգի բարեկամներու եւ լրագրողներու այցելութիւններուն կազմակերպումը դէպի Արցախ, որպէսզի անոնք տեղւոյն վրայ ծանօթանան առկայ իրավիճակին եւ առարկայական կերպով կարենան օգտակար ըլլալ եւ/կամ իրավիճակը ներկայացնել միջազգային հանրութեան: Այս առնչութեամբ, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի կազմակերպումով 2-6 Դեկտեմբերին Հայաստան եւ Արցախ այցելեցին Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի անդամները: Անոնք Արցախի բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներ ունեցան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ իրականացուցին փաստահաւաքի աշխատանք: Պատուիրակութեան անդամները հիմնականօրէն ներկայ ու նախկին խորհրդարանականներ էին: Շարունակուած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ապակեդրոն ճանաչման ուղղուած աշխատանքները: ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան արդիւնքներու մասին պարբերական եւ մանրամասն հրապարակումները պիտի վերսկսին` առիթ տալով մեր ժողովուրդին, լրագրողական հանրոյթին եւ մասնագիտական շրջանակներուն ստանալու կեդրոնացած տեղեկատուութիւն ըստ տարածաշրջաններու եւ սփիւռքեան համայնքնրու։